Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականը ՀՅԴ-ին Յաւելեալ Պատասխանատուութիւններ Կը Վստահի

February 7, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».– Փետրուար 4-5ին, Փորթուկալի Կաժկայժ (Cascais) քաղաքի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի (Սոցինտերն) խորհուրդի ժողովը, հիւրընկալութեամբ Փորթուկալական ընկերվարական կուսակցութեան:
2012ի Օգոստոս-Սեպտեմբերին, Հարաւափրիկեան հանրապետութեան մէջ կայացած կազմակերպութեան 24րդ Քոնկրեսէն ետք, ասիկա Խորհուրդի առաջին ժողովն էր, այդ պատճառով ալ օրակարգի կարեւոր մասը յատկացուեցաւ կազմակերպական հարցերու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Սոցինտերնի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը:
Ժողովի բնաբանն էր «Համաշխարհային տնտեսութիւնը. Աճի, աշխատատեղերու եւ կայուն զարգացման մեր տեսլականը»:
Ելոյթներ ունեցան տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ բանախօսներ: Աւարտին, որդեգրուեցան բանաձեւեր եւ յայտարարութիւններ՝ արծարծուած հարցերու վերաբերեալ:
Ժողովը նաեւ որոշեց աշխարհով մէկ քարոզարշաւ ձեռնարկել՝ կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ:
Ժողովը, հիմնուելով Փետրուար 3ին կայացած կազմակերպութեան նախագահութեան նիստի առաջարկներուն վրայ, ձեւաւորեց տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր, յատուկ յանձնաժողովներ, աշխատանքային խումբեր եւ կանոնագրային յանձնախումբեր: Ժողովը նաեւ թափուր տեղերու համար ընտրեց երկու փոխնախագահներ, որոշումներ կայացուց անդամակցութեան ինչպէս նաեւ անդամակցութեան, կարգավիճակը բարձրացնելու համար դիմումներու կապակցութեամբ: Նախագահութեան նիստին մասնակցեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն Մարիօ Նալպանտեանը:
ՀՅԴի կողմէ Վահան Յովհաննիսեան ընտրուեցաւ ԱՊՀ եւ Կովկասի տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ (նախապէս այս պաշտօնը կը վարէր Մարիօ Նալպանտեանը): Առաջին անգամ ըլլալով, ՀՅԴն ընտրուեցաւ կազմակերպութեան կանոնագրային՝ կազմակերպութեան ֆինանսներու եւ վարչական յանձնախումբի անդամ:
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Ան կը համախմբէ բոլոր մայր ցամաքներէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եղած է (2003): ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY):

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ «Փաթրիոթ»-ներու Տեղակայումը Աւարտած Է

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.