Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Ինքզինք Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններէն Հեռու Պահէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

February 6, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փրակայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ինքզինք ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն հեռու պահէ` գանգատելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մղած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին չ՛աջակցիր:

«Նոյնիսկ երբ անոնց ահաբեկչական արարքներուն մասին փաստեր կը ներկայացնենք, ուշադրութեան չենք արժանանար: Մեզի կ՛ըսեն, թէ այդ կասկածելիները կը հետապնդեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փոխանակ հետապնդելու, Եւրոպական Միութեան իշխանութիւնները պէտք է կասկածելիները Թուրքիոյ արտայանձնեն:

«Պէտք է ահաբեկչութեան դէմ հասարակաց պայքար մը ունենաք: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն ինքզինք հեռու պահէ», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ «ահաբեկչութիւնը այնպիսի կրակ մըն է, որ մինչ ինկած տեղը կ՛այրէ, կրնայ ի վերջոյ նաեւ զանոնք բռնող ունելիները այրել»:

Խօսելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մասին` Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ միութիւնը Թուրքիոյ կարիքը ունի, եթէ կ՛ուզէ միջազգային հարցերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ:

«Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիայէն ուժ առնէ, եթէ կ՛ուզէ համաշխարհային տնտեսական եւ քաղաքական ուժ մը դառնալ: Այսօր, Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ պէտք ունի եւ ոչ թէ հակառակը», ըսաւ Էրտողան:

Նախորդը

Քերրիի Առաջին Գործը Եղած Է Իսրայէլի Եւ Պաղեստինի Ղեկավարներուն Հեռաձայնելը

Յաջորդը

«Վրաստանի Նոր Կառավարութեան Նպատակը Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումն Է» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.