Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող հինգ կազմերէն չորսը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Պարսելոնա միակն ըլլալով չկրցաւ յաղթել, երբ Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1) Լիոնել Մեսսի նշանակեց (Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ) իր կազմին հաւասարութեան կոլը: Ախոյեանութեան գծով ան այսպիսով յաջորդաբար 12-րդ մրցումն ըլլալով կոլ նշանակեց:
Կրանատայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատճառ դարձաւ իր կազմին կրած պարտութեան (1-0), երբ սխալմամբ իր բերդին մէջ (22-րդ) կոլ մը նշանակեց` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով:
Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆուլհեմի, շնորհիւ Ուէյն Ռունիի նշանակած կոլին (79-րդ) ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ 9 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիվըրփուլի հետ:
Չելսի 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւքասըլէն:
Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քիեւոյի:
Մարիօ Պալոթելլի, որ Ա. Սէ. Միլանի հետ կատարեց իր առաջին մրցումը, տուպլէ մը իրագործեց Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-1):
Գերմանիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մայնց-05-ի, 12 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ ախոյեան Պորուսիա Տորթմունտի վրայ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պայէր Լեւերքուզընի, անկէ խլեց երկրորդ դիրքը:
Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն երեք կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լիոնի վրայ, որ պարտուեցաւ Աժաքսիոյէն:
Մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, իր նորեկ մարզիկին` Տէյվիտ Պեքհամի հետ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Թուլուզի:
Լիոնի նման Մարսէյ եւս պարտուեցաւ այս անգամ Նանսիէն` իր դաշտին վրայ:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
ԱՆԳԼԻԱ. 25-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Քուինզ Փարք – Նորուիչ 0-0
Արսենալ – Սթոք Սիթի 1-0
Էվըրթըն – Ասթոն Վիլա 3-3
Նիւքասըլ – Չելսի 3-2
Ռիտինկ – Սանտըրլենտ 2-1
Ուեսթ Համ – Սուանզի 1-0
Ուիկըն – Սաութհեմփթըն 2-2
Ֆուլհեմ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 0-1
Ուեսթ Պրոմուիչ – Թոթենհամ 0-1
Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ 2-2
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 62
2.- Մանչեսթըր Սիթի 53
3.- Չելսի 46
ՍՊԱՆԻԱ. 22-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ռէալ Վայատոլիտ – Աթլեթիքօ Պիլպաօ 2-2
Օսասունա – Սելթա Վիկօ 1-0
Կեթաֆէ – Տեփորթիւօ Քորունա 3-1
Էսփանիոլ – Լեվանթէ 3-2
Կրանատա – Ռէալ Մատրիտ 1-0
Մալակա – Ռէալ Սարակոսա 1-1
Սեւիլլա – Ռայօ Վայեքանօ 2-1
Վալենսիա – Պարսելոնա 1-1
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Պեթիս 1-0
Ռէալ Սոսիետատ – Մայորքա 3-0
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Պարսելոնա 59
2.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 50
3.- Ռէալ Մատրիտ 43
ԻՏԱԼԻԱ. 23-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ա. Էս. Ռոմա – Քալիարի 2-4
Թորինօ – Սամտորիա 0-0
Նափոլի – Քաթանիա 2-0
Քիեւօ – Եուվենթուս 1-2
Ֆիորենթինա – Փարմա 2-0
Ճենովա – Լացիօ Ռոմա 3-2
Փալերմօ – Աթալանթա 1-2
Փեսքարա – Պոլոնիա 2-3
Սիենա – Ինթեր Միլան 3-1
Ա. Սէ. Միլան – Ուտինեզէ 2-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Եուվենթուս 52
2.- Նափոլի 49
3.- Լացիօ Ռոմա 43
ԳԵՐՄԱՆԻԱ. 20-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Վերտըր Պրեմըն – Հանովըր-96 2-0
Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ – Շթութկարթ 3-1
Հոֆընհայմ – Ֆրայպուրկ 2-1
Մայնց-05 – Պայէրն Միւնիխ 0-3
Շալքէ – Կրէօթըր Ֆուրթ 1-2
Վոլֆսպուրկ – Օկզպուրկ 1-1
Համպուրկ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 0-2
Նիւրեմպերկ – Մէօնշընկլատպախ 2-1
Պայէր Լեւերքուզըն – Պորուսիա Տորթմունտ 2-3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Պայէրն Միւնիխ 51
2.- Պորուսիա Տորթմունտ 39
3.- Պայէր Լեւերքուզըն 37
ՖՐԱՆՍԱ. 23-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Թուլուզ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-4
Լորիան – Ռենն 2-2
Պասթիա – Էվիան 0-0
Պորտօ – Վալանսիեն 2-0
Պրեսթ – Նիս 0-2
Լիլ – Թրուա 1-1
Սոշօ – Սենթ Էթիեն 1-2
Աժաքսիօ – Լիոն 3-1
Մոնփելիէ – Ռեմ 3-1
Մարսէյ – Նանսի 0-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 48
2.- Լիոն 45
3.- Մարսէյ 42


