Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, որ երէկ ուղղուեցաւ Եգիպտոս, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ յայտարարեց, որ
Իսրայէլ իր հիմնուած օրէն մինչեւ օրս ահաբեկչութիւններու երկիր եղած է ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ բոլոր արաբական երկիրներուն եւ գերիշխանութիւններուն նկատմամբ:
Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուած յարձակումը նոյնինքն Լիբանանի դէմ յարձակում մըն է, որովհետեւ իսրայէլեան օդանաւերը խախտած են Լիբանանի օդային սահմանները եւ հոնկէ ուղղուած Սուրիա ու ռմբակոծած զայն:
Մանսուր շեշտեց, որ Իսրայէլ իր գործած այս արարքին համար կարծր եւ բիրտ պատասխաններու կը կարօտի, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական պոյքոթի ենթարկուելու` աւելցնելով, որ կարելի չէ բաւարարուիլ իսրայէլեան այս բռնարարքը դատապարտելով:
Նշենք, որ Մանսուր Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն վեհաժողովին պիտի ներկայացնէ Լիբանանը:


