Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Ընտրութիւնները Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին` Լիբանանը Բաժնելով Փոքր Ընտրաշրջաններու

February 1, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական պատկերացումին, որուն շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` Լիբանանը բաժնելով փոքր ընտրաշրջաններու:

Հարիրիի ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ ծերակոյտի գոյութիւնը` սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը եւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը նկատել երկրին սահմանադրութեան առաջնորդող մուտքը, որուն հիման վրայ Լիբանան շրջանային բոլոր տագնապներէն հեռու պէտք է մնայ:

Հարիրի խստիւ մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` շեշտելով, որ անիկա Լիբանանը եւ լիբանանցիները պառակտող օրինագիծ մըն է եւ Լիբանանը կը տանի դէպի 1800-ական թուականները:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքին կողմէ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային, Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ երկրին նոր կառավարութիւնը պիտի գործէ ներկայ կառավարութեան ցուցաբերած գործունէութեան հակապատկերով:

«Մենք պիտի աշխատինք ճիշդ հակառակ ձեւով եւ լիբանանցին ուրախ պիտի պահենք իր երկրին մէջ` անկէ հեռացնելով յուսախաբութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով իր կողմէ նոր կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութեան` Հարիրի հաստատեց, որ իր կազմելիք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» եռակողմանի տարազը տեղ պիտի չունենայ:

Հըզպալլայի զէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ ինք կոչ կ՛ուղղէ երկխօսութեան եւ այդ հարցը վերջնականապէս լուծելու կարեւորութեան:

Ընտրական օրէնքին գծով Հարիրի նկատել տուաւ, որ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն մտավախութիւնները պէտք է նկատի ունենալ եւ այդ հիման վրայ ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակել:

Քաղաքական իր դաշնակիցներուն` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին նկատմամբ ցուցաբերուած համաձայնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ իրեն համար կայ յստակ մէկ պատկեր, որ գծուած է 2005-ին, երբ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ հրապարակին վրայ տողանցած են միլիոնաւոր մարդիկ` իրենց հետ ունենալով միայն Լիբանանի դրօշակը:

Ան շեշտեց, որ իր երազն է այդ պատկերը վառ պահել եւ հաստատ գիտէ, որ այդ պատկերը կազմող բոլոր կողմերը տակաւին միասին են եւ քաղաքական մէկ դաշինքի տէր են:

«Բայց եւ այնպէս, մենք կը փափաքինք, որ վաւերացուի քաղաքական բոլոր կողմերը գոհացնող ընտրական ազգային օրէնք մը, որովհետեւ մենք իշխանութիւն չենք ցանկար, այլ` երկրին ազգային համերաշխութեան պահպանումը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չափաւորականութեան հոսանքն է եւ ան հետզհետէ կ՛ընդարձակուի:

Քաղաքացիական ամուսնութեան պարագային ան մերժեց հոգեւորականներուն կողմէ քաղաքացիները անհաւատ նկատելու կամ դասելու փորձերը` շեշտելով, որ այդ ոճը անընդունելի է:

Ան նշեց նաեւ, որ ինք անձամբ չ՛ուզեր, որ ինք կամ իր զաւակները քաղաքացիական ամուսնութեան հետեւին, սակայն կը զօրակցի այդ օրէնքին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ երիտասարդական մակարդակի վրայ այդ մէկը լուրջ պահանջ է:

Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ոճրագործ եւ փտած վարչակարգ է եւ զօրակցութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին` նշելով, որ սուրիական վարչակարգը անպայման իր աւարտին պիտի հասնի:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք Լիբանան պիտի վերադառնայ իրեն հետ ունենալով երկու վարդեր, որոնցմէ մէկը իր հօր, իսկ միւսը` Ուիսամ Հասանին: «Իսկ Սաատ Հարիրին սպաննել ուզողին կ՛ըսեմ, որ կրնայ թերեւս օր մը զայն սպաննել, սակայն անոր երազը եւ Ռաֆիք Հարիրիի երազը կարելի չէ սպաննել եւ կարելի չէ Լիբանանը ընկճուած պահել», եզրափակեց ան:

Նախորդը

«Բռնարարքի Իր Քաղաքականութիւնը Գործադրելու Նպատակով Իսրայէլ Կը Շահագործէ Սուրիոյ Կացութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.