Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Քաղաքներու Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Եւ Անկարգութեանց Հարցով. Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Մարդու Իրաւունքները Յարգելու

February 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար ազրպէյճանական քաղաքներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն եւ անկարգութեանց մասին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ. «Մենք տեսանք Իսմայիլլի քաղաքին մէջ 24 յունուարին տեղի ունեցած անկարգութիւններուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները, այդ անկարգութիւնները աւարտած էին գոյքի ոչնչացումով, ինչպէս նաեւ այրուած էր սեփական պանդոկ մը եւ Իսմայիլլիի շրջանի գործադիր մարմինի շէնքը:

«26 յունուարին իշխանութիւնները Պաքուի մէջ ցրուած էին ցոյցը, որ կը կատարուէր ի պաշտպանութիւն Իսմայիլլիի բնակիչներուն, ձերբակալուած էին քանի մը տասնեակ մարդիկ: Նախապէս Պաքուի մէջ երկու այլ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած էր. մէկը` առեւտրականներու իրաւունքները խախտելու եւ վարձակալութեան (առեւտուրի կրպակներու) գիները բարձրացնելու դէմ, միւսը` բանակին մէջ ծառայողներու մահուան դէպքերու գծով: Կը հաղորդուի, որ որոշ պարագաներու իշխանութիւնները ցուցարարներու դէմ արցունքաբեր կազ եւ ռետինէ մահակներ օգտագործած են:

«Մենք կը ցաւինք Իսմայիլլիի մէջ տեղի ունեցած բռնութեան առնչութեամբ եւ միաժամանակ Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղենք լուրջ երկխօսութեան սկսելու, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կը յորդորենք յարգել խօսքի ու հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը», ըսուած է դեսպանին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ինքզինք ՔԱԿ-ի Անդամ Իր Տնընկերէն «Աւելի Քիւրտ» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Եգիպտացի Քաղաքագէտները Ազհարի Ժողովին Ընթացքին Կը Դատապարտեն Բռնարարքները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.