Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 31, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անխախտ պիտի մնայ` աւելցնելով, որ ինք արգելք մը չի տեսներ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ հիմնելու:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելլակրոս Էռնանտոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներէն Ալի Զղէյպի զաւակը` Ատհամ Զղէյպ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իրենց անակնկալ մը խոստացած է: Ան մաղթեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թուրքիա այցելութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ` իրենց հարազատները ազատ արձակելու առումով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը` դեսպանատան եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստերը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը չի նշանակեր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պառակտումը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ Պասսամ Հաշեմ շեշտեց, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ եղող քաղաքական ուժերուն մօտ լրջութիւն ըլլար, ապա անոնք այլընտրանք մը ներկայացուցած կ՛ըլլային:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ գաղթականներուն թիւով զբաղող ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կոթիերես յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պաշտօնական թիւը 150 հազար է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծին շուրջ արձանագրուած բանավէճը մեծ է եւ լուրջ, որովհետեւ քաղաքական որոշ կողմերը երկրին տէրը դառնալու կը ջանան եւ ոչ թէ իշխանութեան մէջ իրենց բաժինը ունենալու` քաղաքական այլ ուժերու կողքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին վաւերացնելու ընտրական արդար օրինագիծ մը, որ քրիստոնեայ համայնքին եւ այլոց արդարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք պիտի չճանչնան որեւէ որոշում, որ բխած է խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման արգելք մը չունի երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք մեկնեցաւ Փարիզ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքացիական ամուսնութեան օրինագիծի վաւերացման` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ թղթածրարը բանավէճերէն դուրս բերել եւ օրէնսդրութիւն մշակել այդ իմաստով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ ինք քաղաքացիական ամուսնութեան առումով կրօնական յստակ եւ անկեղծ հրահանգ արձակած է` աւելցնելով, որ ինք այդ հրահանգին մէջ նշուած ոչ մէկ տառ յետս կը կոչէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ ինք համաձայն է իսլամ – քրիստոնեայ հաւասարութեան պահպանումին, սակայն միաժամանակ դէմ է քրիստոնէական անյագութեան: Ան նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը քրիստոնեաներուն շնորհած է իսլամներուն հաւասար իրաւունքներ, հակառակ անոր որ անոնք թիւով շատ աւելի քիչ են:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 500 լ. ոսկիի յաւելում, 95 օքթան պենզինը` 400 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ կարմիր մազութը` 300 լ. ոսկիի յաւելում:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Կացութեան Մէջ Արտաքին Ուժերուն Երկակի Խաղը Շատ Վտանգաւոր Է» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Ուիամ Ուահապ Այցելեց Սելիմ Հըսի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.