Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԱՐՍԸՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

May 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկող յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսըն շաբաթավերջին Ապահովութեան խորհուրդին գումարած նիստին ընթացքին ներկայացուց հակիրճ տեղեկագիր մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ տագնապի բարդացման ազդակները հետզհետէ կը բազմապատկուին: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանագծումը տակաւին չէ կատարուած` ըստ թիւ 1559 եւ թիւ 1680 բանաձեւերուն:

Իր պատրաստած 13-րդ տեղեկագիրին ծիրին մէջ Լարսըն ընդգծեց, որ լիբանանեան միլիսները լուծարքի ենթարկելու եւ ապազինելու քայլը տակաւին չէ առնուած` ոչ միայն թիւ 1559 բանաձեւը գործադրելու, այլեւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու առումով:

Այս ծիրին մէջ Լարսըն նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա մտերմիկ յարաբերութիւններ ունի շրջանային երկիրներու հետ եւ կոչ ուղղեց այդ երկիրներուն Հըզպալլայի զօրակցութեան ընդմէջէն օժանդակելու, որպէսզի ան զուտ քաղաքական գործունէութիւն տանի:

Լարսըն կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան` գործադրելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին տուած որոշումները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին պաղեստինեան գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զինեալ խարիսխներուն զինաթափումին:

Լարսըն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքը եւ միլիսներու ընդարձակ ներկայութիւնը խաղաղութեան կը սպառնան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին բարգաւաճումը կը խանգարեն: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան կառչած մնայ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս` Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութեան:

Լարսըն դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի վերեւ ամէնօրեայ դրութեամբ իսրայէլեան օդուժին գործած թռիչքները լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւններ են: Ան վերստին պահանջեց Իսրայէլէն իր ուժերը հեռացնել Ղաժար գիւղաքաղաքին հիւսիսային բաժինէն:

 

Նախորդը

ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.