Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Հիմնական Նիւթ Ունենալով Քաղաքացիական Ամուսնութեան Հարցը

January 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող հարցերը:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 50 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին արծարծուեցաւ քաղաքացիական ամուսնութեան հարցը, որուն շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի արտայայտեցին հակասական կեցուածքներ:

Նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ քաղաքացիական ամուսնութեան հարցը պէտք է անպայման քննարկել` աւելցնելով, որ 1998-ին կառավարութեան կողմէ վաւերացուած քաղաքացիական ամուսնութեան օրինագիծը պէտք է փոխանցել ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներուն, որպէսզի զայն վերատեսութեան ենթարկեն եւ որոշեն, թէ նոր օրինագիծ մը պէ՞տք է մշակուի, թէ՞ կարելի է նախկին օրինագիծը գործադրութեան դնել:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող կարեւորագոյն օրէնքներն են` ընտրական օրէնքը եւ անձնական կարգավիճակի վերաբերող օրէնքը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք կարդաց կառավարութեան նիստէն բխած որոշումները, որոնց ծիրին մէջ նշեց, որ նախագահ Սլէյման նկատել տուած է, թէ լիբանանցի երիտասարդները քաղաքացիական ամուսնութեան համար այլ երկիրներ կ՛ուղղուին, եւ այդ մէկը ընդունելի չէ, այլ` պէտք է գոհացնել տարբեր համայնքներու պատկանող լիբանանցի երիտասարդներուն պահանջները:

Կարգ մը նախարարներ, ինչպէս` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներն ու Ալի Քանսօ համաձայն գտնուած են քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքին վաւերացումին, իսկ այլ նախարարներ մնացած են լուռ:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ Լիբանան արդէն իսկ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր եւ ունի բազմաթիւ առաջնահերթութիւններ, որոնք պէտք է քննարկուին նախքան քաղաքացիական ամուսնութիւնը, որ ինքնին խնդրայարոյց հարց է:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն գործունէութիւնը մէկ ամիսով երկարաձգած է, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ սերտել հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին պատրաստած ծրագիրը, որ կը վերաբերի բջիջային հեռաձայնի զոյգ ընկերութիւններուն տնօրինումին:

Տաուք ըսաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբէն խնդրած է հետեւիլ Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ապտալլայի թղթածրարին:

Նշենք, որ կառավարութիւնը յետաձգեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի մը կազմութեան հարցին քննարկումը:

 

Նախորդը

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վաւերացուց Իր Նիստերուն Ատենագրութիւնը Եւ Զայն Յղեց Նեպիհ Պըրրիի

Յաջորդը

Սահակաշվիլի Կը Պատրաստուի Ամէն Ինչ Ընելու, Որ «Ահաբեկիչները Ջաւախքի Մէջ Իրավիճակին Տէրը Չդառնան»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.