Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ Ազգային Գործիչ Եւ Լրագրող Սարգիս Նաճարեան

January 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի, շաբաթ, 26 յունուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, մտաւորական եւ ազգային գործիչ Սարգիս Նաճարեանի Մեծն Ս. Գրիգորի ասպետի քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը` ներկայութեամբ պետական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, ընտանեկան պարագաներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:

Շքանշանի տուչութեան արարողութենէն ետք, խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ ըսաւ. «Ձեր մեծարումը Մեծն Ս. Գրիգորի ասպետի կարգով, բոլորս կը մղէ սեւեռելու մեր աչքերը այն արժէքներուն, որոնց դուք ծառայեցիք եւ անընդհատ կը շարունակէք ծառայել»:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նշեց, որ Նաճարեան քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով զրահուած, հաւատարիմ մտաւորականը եղած է, որ պաշտպանած է հայ մշակոյթն ու հայ միտքը: Հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, գիտակցելով Նաճարեանի եկեղեցասէր եւ ազգանուէր արժանիքներուն եւ անձնուիրումի ոգիին` զայն կը պարգեւատրէ Մեծն Ս. Գրիգորի ասպետի քահանայապետական կարգով, որ Վատիկանի Ս. աթոռի հնագոյն կարգերէն մէկն է:

Իր խօսքի աւարտին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ Սարգիս Նաճարեանի բարի օրինակը պատճառ դառնայ նորանոր անձնուէր հոգիներ յարուցելու` ի խնդիր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին ծառայութեան:

Քահանայապետական կոնդակի ընթերցումէն եւ շքանշանի տուչութենէն ետք, խօսք առաւ պարգեւատրեալ Սարգիս Նաճարեան, որ նշեց, թէ նշեալ յուշանուէրը պարտաւորեցնող յուշարար մըն է, որ կը մղէ յաւելեալ պարտաւորութեամբ շարունակելու երթը: Նաճարեան ըսաւ, որ տարիներու ընթացքին փորձեց հետեւիլ պատանի տարիքի իր սկաուտական երդումին` խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին:

Սարգիս Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին, քաջալերեցին, հաւատացին եւ թիկունք կանգնեցան իրեն: Ան նշեց, որ իր յառաջիկայ գործունէութեամբ պիտի փորձէ շրջանակին օրինակ դառնալ իր գործով եւ աշխատանքներով:

Իսկ Նաճարեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Միհրան Նաճարեան: Ան ըսաւ, որ իր հայրը համեստ է ու խոնարհ, զգայուն ու հոգատար, անոր օրինակը ընտանիքի անդամներուն համար պարտաւորեցնող է` հետեւելու իր սկզբունքներուն ու արժէքներուն: Միհրան Նաճարեան հաստատեց, որ Սարգիս Նաճարեանի մարդկային, հայկական ու քրիստոնէական օրինակը վարակիչ է:

Աւարտին Սարգիս Նաճարեանի թոռներ Սարգիս եւ Փաթիլ Նաճարեաններ նուագեցին դաշնակով, որմէ ետք եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ժան Համմամ Ընտրուեցաւ Նախագահ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Վերընտրուեցաւ Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Անդամ

Յաջորդը

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Պատարագ` Սուրբ Սարգիսի Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.