Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կը Զօրակցինք Համամասնական Դրութեան Եւ Ուղղափառ Հանդիպումի Ընտրական Օրինագիծին Թեր Պիտի Քուէարկենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 26, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ոմանց կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ  Հըզպալլան է, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կը պարտադրէ քրիստոնեայ իր դաշնակիցներուն վրայ, ուղղակի վարկաբեկում կը նկատուի քրիստոնեաներուն եւ Պքերքէի:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի համար ամէնէն նախընտրելին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծն է, որովհետեւ անիկա քաղաքական բոլոր ուժերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին թեր պիտի քուէարկէ:

Անդրադառնալով այն մտավախութիւններուն, որ զէնքի գոյութիւնը վտանգ կը սպառնայ համամասնական դրութեան կիրարկման պարագային, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ 1992-էն ի վեր ընտրական յստակ կողմնորոշում պարտադրելու համար Հըզպալլա երբեք զէնքի ուժին չէ դիմած` աւելցնելով, որ դրամը եւ տեղեկատուական քարոզչութիւնը այս պարագային շատ աւելի վտանգաւոր են, քան զէնքը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ մեծամասնական դրութիւնը եւ զէնքի գոյութիւնը իրենց կարգին աւելի վտանգաւոր են` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային արդէն իսկ ծանր զէնքերու, հրթիռներու եւ հետախուզական օդանաւերու կարիք չկայ, «սովորական «Քալաշնիքով» մը նոյնիսկ բաւարար է, այդ գնդացիրէն բոլոր լիբանանցիները ունին եւ ոչ միայն Հըզպալլան», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց իսլամական բանտարկեալները Ռումիէի բանտին մէջ առանց դատավարութեան պահելու իրականութիւնը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ ընտրութիւններուն պատճառով մարդոց կենցաղային պարտաւորութիւնները չանտեսէ:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Սուրիոյ, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի տագնապները իրենց քաղաքական պարունակին մէջ դիտելու եւ ոչ թէ համայնքային:

Ան հաստատեց ազգային երկխօսութեան եւ փոխադարձ քննարկումները շարունակելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ժեմայէլն Ու Ապպաս Իպրահիմը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ. Տինքի Սպանութեան Առնչուած Կիւլեր Ներքին Գործոց Նախարար Նշանակուած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.