Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտի Դրացնութիւն` Նախկին Որբանոցին Հետ (Անթիլիասի Որբերէն` Բենիամին Չաքմաքճեանի մահուան առիթով)

January 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իր ծննդեան հարիւրամեակը տօնելու սեմին, 20 դեկտեմբեր 2012-ին, անձրեւային խոնաւ օրուան մը լուսաբացին Լիբանանի մէջ իր հոգին աւանդեց Հայոց ցեղասպանութեան այժմ հազուագիւտ վկաներէն` Բենիամին Չաքմաքճեանը:

Եոզկատ ծնած այս պատանին, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած, որբութեան ու աքսորի դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպած, վերջապէս, հանգրուանած է Անթիլիասի մէջ նոր բացուած Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյց ընկերութեան որբանոցը, (Near East Relief Foundation), որ հետագային պիտի դառնար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետական Ս. Աթոռը:

Լռակեաց ըլլալու չափ սակաւախօս այս անձին բարի հայեացքով եւ անթարթ աչքերուն խորը մի՛շտ տեսանելի էր անցեալի սարսափը, հալածական մանուկի վարանոտ տագնապը, կեանքի անապահովութեան վախը, որբանոցէ որբանոց փոխադրութեան պատճառով ստեղծուած անորոշութիւնը, նոր միջավայրին ընտելանալու տարակուսանքը եւ ապագայ հեռանկարներուն պղտորութիւնը: Հակառակ այդ ամէնուն, սակայն, իր լեզուին վրայ անպակաս էր «Փա՜ռք Աստուծոյ» գոհաբանութիւնը: Արտայայտութիւն, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ուղեկցած էր իրեն, Եոզկատէն մինչեւ Լիբանան, աքսորի ու ջարդի աւազոտ եւ արիւնոտ ճամբաներուն վրայ, ուր յարդը հացի քաղցրութեամբ կը պատկերացուի, իսկ խոտը` միսի համով:

– Փա՜ռք Աստուծոյ:

Այսպէս ըսաւ վստահաբար ան, երբ Անթիլիասի որբանոցէն շրջանաւարտ, հաստատութեան տնօրէնութեան կողմէ ուսումին հետ միասին իր տրուած «ոսկեայ ապարանջան»` դերձակութեան արհեստը ձեռքին դուրս եկաւ դէպի կեանքի փողոց: Աստուածաշնչական ճշմարտութեանց հաւատացող, ու Աստուծոյ վախը իր սրտին ունեցող այս մարդը այնտեղ գրուած «ճակտի քրտինքով» հաց ճարելու անէծքը դարձեա՛լ շնորհակալութեամբ ընդունեց, այնպէս` ինչպէս ընդունած էր ծնողազուրկ մնալու անէծքը օսմանցի թուրքին, առանց իմանալու` իր ո՞ր մէկ մեղքին համար…

Եւ այնուհետեւ, շուրջ վաթսուն տարիներ անխոնջ պիտի աշխատէր` իր սեփական դերձակի խանութը հաստատելով Լիբանանի հիւսիսային Թրիփոլի քաղաքին մէջ, կազմելով իր ընտանիքը ու մինչեւ իր վերջին շունչը մնալով անոր գլխուն, գիտակից, լուռ եւ շրջահայեաց:

Անթիլիասի որբանոցէն ունեցած իր վերջին յուշը մը քանի վեղարաւորներու այցելութիւնն էր այնտեղ, որոնք ներկայ գտնուած էին իրենց ամավերջի հանդէսին, 1924 թուականին: «Վերջը իմացանք, որ այդ վարդապետները եկած էին քննելու մեր որբանոցը եւ տեսնելու, թէ մեր տնակները յարմարութիւն ունէի՞ն կաթողիկոսարանի վերածուելու», կ՛ըսէր ան` զարմանքի արտայայտութիւն ալ աւելցնելով իր ձայնին, վերոյիշեալ այցելութեան խորհրդաւորութիւնը շեշտելու համար:

Անթիլիասի որբանոցէն աւարտական ըլլալէ ետք, կաթողիկոսարանի վերածուած այդ վայրին նկատմամբ կարօտը միշտ մնաց իր սրտին: Կարօտ, որուն մասին տեղեկութիւններ կարելի չէ՛ գտնել ամէնէն արդի բացատրական բառարաններուն մէջ: Կարօտ, որուն այրուածքը անբուժելի խորութեամբ վիրաւորուած հոգիներուն յատուկ է: Ի վերջոյ կարօտ, որուն ծարաւը անմահական ջուրն ալ չի կրնար յագեցնել, որքան ալ մանկութեան օրերը վերադարձնելու անիրականանալի խոստումներով օրօրէ մեզ:

Իրեն երկրորդ կեանք պարգեւած Անթիլիասի որբանոցին կարօտն էր, որ նախախնամութեան միջամտութեամբ եւ իր դստեր ու փեսային` Գոհար եւ Հրայր Ճերմակեաններու հոգածու վերաբերումով մասամբ գոհացաւ, երբ 8 տարիներ առաջ, Թրիփոլիէն Անթիլիաս փոխադրուելով, մայրավանքին ճիշդ հարեւանութեամբ բնակեցաւ` կարօտի դրացնութիւն հաստատելով իր նախկին որբանոցին հետ:

– Փա՜ռք Աստուծոյ,- ըսաւ ամէն անգամ, երբ նայեցաւ այդ նախկին որբանոցին, որուն կղմինտրածածկ տանիքներով հիւղակներէն ո՛չ մէկը մնացած էր հիմա: Վերածաղկեալ որբանոցին նկատմամբ իր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու համար, Անթիլիաս հաստատուելէ ետք, իր առաջին սրբազան պարտականութիւնը նկատեց կնոջը` Մարիին հետ այցելել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսին` դարձեալ փա՜ռք տալու Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին ու տառապեալ Ս. Աթոռին վերընձիւղման համար: Աւելի քան 80 տարիներ առաջ որբի համազգեստով նոյն վայրին մէջ շրջող պատանին, հիմա իբրեւ կենդանի վկայ մեր ազգի յարութեան, ներս կը մտնէր շքեղ կաթողիկոսարանի դռնէն ու իր իսկ բերնով կը պատմէր վեհափառ հայրապետին որբանոցի կեանքին մասին, մի՛շտ փա՜ռք տալով նախ Աստուծոյ, ու ապա` որբախնամ բոլոր կազմակերպութիւններուն:

Կարօտի դրացնութիւնը վերջ կը գտնէ Բենիամին Չաքմաքճեանի մահով: Սակայն անոր երախտագիտութիւնը` հանդէպ Անթիլիասի որբանոցին, այսօրուընէ սկսեալ կը փոխակերպուի Աստուծոյ նկատմամբ անհուն գոհաբանութեան, որ ջարդի ու սպանդի ճամբաներէն ազատելով` զինք հասցուց մինչեւ հարիւրամեայ հասակի, զաւակներու, թոռներու եւ ծոռներու օրհնաբեր ներկայութեամբ հարստացնելով իր կեանքը:

Յաւիտենակա՜ն հանգիստ իր վաստակաբեկ մարմնոյն եւ խաղաղութի՜ւն իր տառապեալ հոգւոյն:

 

 

Նախորդը

Աւետելով Գարեգին Բ. Վեհափառին Փափաքով «Խրիմեան Հայրիկ.» Թանգարանի Հիմնումը՝ Շեշտելով Արեւմտահայերէնի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը «Հիմա Միայն Պէյրութն Է Մնացել», «Ազդակ»-ին Յայտնեց Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան`

Յաջորդը

Արաքսի Քեպապճեանի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.