Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաքսի Քեպապճեանի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով

January 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Գաղութահայ մեր կեանքը կազմակերպած սերունդները մեծ մասամբ հեռացան ու կը շարունակեն հեռանալ` գործը վստահելով նոր սերունդին: Ազգային մեր կեանքը առողջ պահելու, պարտաւորութիւնը հետզհետէ կը յանձնուի սերունդներու` յաջորդականութեամբ: Մեր ազգային կեանքը եւ անոր յառաջընթացը այսօր յանձնուած է յետեղեռնեան չորրորդ սերունդին: Տերեւաթափը կը շարունակուի, իսկ մենք մեր յոյսը դրած ենք անհետացած սերունդներու ժառանգորդ մեր նոր երիտասարդութեան վրայ:

Արաքսի Նարկիզեան-Քեպապճեան մէկն էր այն նուիրեալ հայուհիներէն, որ իր ազգասէրի միտքն ու հոգին, սիրտը եւ խիղճը ամբողջութեամբ նուիրեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որուն հաւատարիմ ծառայողը եղաւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, կեանք մը, որ աստուածաշնորհ բարեմաղթութեամբ եղաւ երկարատեւ:

Արաքսի Նարկիզեան Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասը հաստատուած առաջին ընտանիքներէն` Նարկիզեան հայանուէր ընտանիքին դուստրն էր: Հայրը` Յարութիւն Նարկիզեան, եղած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցող սերունդին առաջատար մէկ անդամը, որուն զաւակները` Հայկ եւ Լութֆիկ, նմանապէս կարեւոր դեր ստանձնեցին ազգային, կրթական եւ կուսակցական աշխատանքներով:

Արաքսին իր երիտասարդական տարիներուն անդամագրուած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, բայց երբ կարիքը զգացուեցաւ Պուրճ Համուտի թաղային բաժանումները կատարելու` ԼՕԽ-ի մասնաճիւղեր հիմնելով Նոր Մարաշի «Աշխէն» մասնաճիւղի հիմնադիրներուն մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած հայուհին եղաւ Արաքսի Նարկիզեան: Ան երկար տարիներ մնաց վարչութեան անդամ եւ իբրեւ լուռ եւ լուրջ աշխատող անդամուհի` մնաց պատնէշի վրայ, մինչեւ իր յառաջացած տարիքը:

Արաքսի Նարկիզեան իր կեանքը կապեց Յարութիւն-Կայծակ Քեպապճեանին, ունեցան երկու որդի` Նշան եւ Կարօ, որոնք շարունակեցին իրենց հօր եւ մօր ազգասիրական ծառայութիւնները:

Յիշելով ընկհ. Արաքսին` կը յիշենք այն նուիրեալ սերունդները, որոնց աշխատանքին եւ հաւատարմութեան շնորհիւ ծաղկեցաւ մեր գաղութը, լիբանանահայ կեանքը` տարբեր մակարդակներու վրայ, զանազան ասպարէզներու մէջ, միութենական թէ կրթական, բարեսիրական թէ հոգեմտաւոր ոլորտներու մէջ:

Իմ մանկութեան օրերէն ճանչցած եմ օրիորդ Արաքսին` նրբագեղ, կիրթ, աշխատասէր: Ան վարպետ դերձակուհին եղած էր մեր թաղին եւ թաղէն դուրս: Օգնութեան կը հասնէր գոգնոց չունեցող դպրոցականներուն, սիրայօժար: Նարկիզեան ընտանիքին բնակարանը պարբերաբար ակումբի դեր ալ կատարած է: Այսօր, երբ կը յիշենք Արաքսի Նարկիզեան-Քեպապճեանը, գովասանքի ոչ մէկ նպատակ ունինք, այլ պարզապէս կը յիշենք հին սերունդին զոհաբերումը անսակարկ նուիրումը` վասն ազգի ծաղկումին, այս պարագային մեր գաղութին մէջ:

Ազնուական կնոջ մը մասին ներկայացուած այս սեղմ խօսքերը թող նկատուին փունջ մը ծաղիկ` Արաքսիին եւ իր սերունդի ընկերուհիներու շիրիմներուն եւ յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Կարօտի Դրացնութիւն` Նախկին Որբանոցին Հետ (Անթիլիասի Որբերէն` Բենիամին Չաքմաքճեանի մահուան առիթով)

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Պահանջէ Ոչ Թրքական Հնութիւնները` Օտար Թանգարանները Վախցնելու Միջոցով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.