Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետելով Գարեգին Բ. Վեհափառին Փափաքով «Խրիմեան Հայրիկ.» Թանգարանի Հիմնումը՝ Շեշտելով Արեւմտահայերէնի Պահպանման Անհրաժեշտութիւնը «Հիմա Միայն Պէյրութն Է Մնացել», «Ազդակ»-ին Յայտնեց Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան`

January 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հայրենի արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան կը նկատուի ժամանակակից հմուտ ու նուիրեալ հազուագիւտ արուեստաբաններէն մէկը, որ իր համակ կեանքը նուիրած է հայ արուեստի գործերու  հաւաքման, պահպանման ու ծանօթացման:

Փակագիծ մը բանալով` նշենք, որ արհեստագիտութեան սրընթաց  զարգացման զուգահեռ, հարցադրումներ կը կատարուին համակարգիչի օգտագործման հեռանկարներուն ու անոր  հետեւանքներուն մասին, թէ արդեօ՞ք  պիտի գայ օր մը` երբ  համակարգչային  ծառայութիւնները պիտի փոխարինեն մարդկայինը: Այս իմաստով,  ամերիկեան Միշիկըն համալսարանին մէջ վերջերս կայացած է գիտափորձ մը, ստուգելու համար, թէ համակարգիչը որքանո՞վ  կրնայ ըմբռնել  ու արժեւորել  արուեստի գործ  մը, այլ խօսքով` անիկա կրնա՞յ փոխարինել արուեստաբանին դերը: Ի զարմանք գիտնականներուն, համակարգչային գիտափորձին արդիւնքներուն համաձայն, փորձարկումի ենթարկուած 34 հանրածանօթ արուեստագէտներու գլուխ գործոցներու հազար օրինակները դասաւորուած են խումբերու եւ ենթաբաժանումներու միջեւ` առաւելագոյնս համընկնելով արուեստաբաններու գնահատման ոճին: Հաւանաբար  փորձագէտներ, ուշ կամ կանուխ, յաջողին համակարգչային ծառայութիւններով փոխարինել մարդկայինը: Սակայն կայ  նրբութիւն մը, որ միշտ պիտի մնայ անխոցելի ու անժամանցելի: Արուեստի  պատմական, մշակութային  ու ստեղծագործական աւանդը փոխանցող ոգին է այն, առանց որուն` արուեստը կը նմանի անտէր ու ցրուած, առանց հովիւի հօտի, իսկ առանց նորարար ստեղծագործութեան` արուեստը կը մնայ անկենդան ու մեռեալ, ինչպէս հաստատած է Ուինսթըն  Չըրչիլ: Սակայն մինչ այդ, մինչեւ համակարգչային արհեստագիտութիւնը  կարենայ թափանցել կամ գերազանցել  (եթէ կարենայ…)  նշեալ ոգիի նրբութիւնը, արուեստաբանը շատ բան ունի կատարելիք տակաւին: Արուեստի գլուխ գործոցներու  արժեւորումէն, վերլուծումէն  ու ցուցահանդէսներու կազմակերպումէն անդին` անոր հիմնական առաքելութիւնն է «կեանք ու աւիշ» ներարկել արուեստի, հա՛յ արուեստի գործերուն` զանոնք պահելով ու պաշտպանելով, կորուստի, փտութեան ու գողութեան դէմ: Այս իմաստով,  ուշագրաւ է արուեստաբան  Շահէն Խաչատրեանի  իւրայատուկ  ու եզակի դերը: Արդարեւ,  ան զինուած արուեստաբանական  երկարամեայ  իր հմտութեամբ,  կարծէք  ըլլար պահապան հրեշտակ մը, որ հեռադիտակի աչքերով աշխարհով մէկ  կը  փնտռէ  հայ արուեստի  կորուսեալ, անհետացած կամ վնասուած  արուեստի  գործերը` փութալով փրկել զանոնք, ի գին ամէն զոհողութեան:

Այդպէս էր, որ ան յաջողեցաւ  փրկել  հայազգի աշխարհահռչակ արուեստագէտ, ծովանկարիչ Յովհաննէս  Այվազովսկիի  «Փոթորիկ ժայռոտ ափերին»  խորագրեալ  գողցուած գլուխ գործոցը:  Փաստօրէն, Այվազովսկիին առնչուող  իր մէկ  աշխատասիրութեան մէջ ան թուած է նաեւ  նշեալ գործը փակագիծի մէջ աւելցելով, որ անիկա  անյայտացած է 1990-էն ի վեր:  Գրաւոր վկայութիւն մը, որ համազօր էր նշեալ  նկարի անյայտացման  պաշտօնական  յայտարարութեան, այլ խօսքով` «գրանցման», առանց որուն` կարելի չէր  վերստացման պահանջ ներկայացնել  պաշտօնական պատկան մարմիններուն մօտ: Քայլ մը, որուն միջոցով կարելի եղաւ  հետագային  աճուրդի դրուած  նշեալ արուեստի գործի «տունդարձ»-ի յաջողութիւնը:  Ասիկա մէկն է Խաչատրեանի նախաձեռնած նմանօրինակ բազմաթիւ քայլերէն, որոնք կը միտին  «Արի տուն» կարգախօսով հայրենիք վերադարձնել ու մէկտեղել  հայ արուեստի կորուսեալ  թէ անյայտացած գլուխ գործոցները: Այս ծիրին մէջ հարկ է երախտագիտական խոր ակնածանքով ողջունել հայրենի թէ սփիւռքի վանքերը, ուր  յարակից  թանգարաններով,  որպէս լուսաւորութեան կեդրոններ, սքանչելի աշխատանք կը տանին անոնք հայ արուեստի ու մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, ինչպէս` Էջմիածնի, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Զմմառու եւ Վենետիկի վանքերը, ինչպէս կը հաստատէ արուեստաբան  Խաչատրեան:

Այվազովսկիի յուշարձան

Ծնունդով հալէպահայ, հայրենադարձ արուեստաբան Շահէն Գէորգի Խաչատրեան 1965-ին աւարտած է Ս. Փեթերսպուրկի  Ռեպինի անուան գեղարուեստի հիմնարկը: 1959-ին սկսած է պաշտօնավարել  Հայաստանի   ազգային պատկերասրահէն ներս ու 1990-ին  դարձած անոր տնօրէնը մինչեւ 2003: 1967- 2004 վարած է  «Մարտիրոս Սարեան»  տուն-թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը: Միաժամանակ ան  վարած է  աւելի քան տասնեակ մը թանգարաններու եւ պատկերասրահներու տնօրէնի պաշտօնը:  Ներկայիս ան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի մշակութային խորհրդատուն է ու լծուած է, նոյնինքն Գարեգին Բ. վեհափառին փափաքով, Խրիմեան Հայրիկի անուան թանգարանի հիմնադրութեան, Էջմիածնի վեհարանին կից, «Արշիլ Կորքի»  թանգարանի յաջող փորձառութենէն ետք: Արուեստաբան  Խաչատրեան շրջած է աշխարասփիւռ բազմաթիւ հայ գաղթօճախներ: Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ ան ընդելուզուած է արուեստի գործերու քննութեան, վերլուծման ու արժեւորման հմտութեամբ: Շրջանցելով  աշխարհագրական սահմանագիծերն ու քաղաքական թէ դաւանական արգելքները` արուեստաբան Խաչատրեան աշխարհասփիւռ հայ գաղթօճախներու մէջ կազմակերպած իր ցուցահանդէսներով յաջողած է (ու կը շարունակէ) «Միութիւն` արուեստի ճամբով»  նշանախօսքով ի մի համախմբել աշխարհասփիւռ հայ արուեստասէրներ, անկախ անոնց գաղափարական թէ դաւանական պատկանելիութենէն: Նմանապէս` հայ արուեստի մասին ան տուած է շահեկան դասախօսութիւններ, որոնք կրնան իբրեւ աղբիւրագիտական կարեւոր հիմք ծառայել  հայ արուեստի պատմագրութեան համար: Հրատարակած է հայ արուեստի ու արուեստագէտներու մասին  բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն  թէ  իտալերէն լեզուներով, ինչպէս «Հայ վրձինի վարպետներ» խորագրեալ վեց հատորներու հաւաքածոն` նուիրուած հանրայայտ հայ արուեստագէտներու: Իսկ աշխարհահռչակ  ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին իր աշխատասիրութիւնը Մոսկուայի մէջ արժանացած է առաջին կարգի  շքանշանի: Նմանապէս` ան արժանացած է «Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր  գործիչ» կոչումին  եւ «Մովսէս Խորենացի»  շքանշանին:

Արուեստաբան  Շահէն Խաչատրեան վերջերս կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուէր Պէյրութ: Առիթէն օգտուելով` «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր  հետ:

 

«Ապրել, ինձ  համար  նշանակում  է աշխատել»

                                                                                     Յովհաննէս  Այվազովսկի

 

***

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ առիթով Լիբանան կը գտնուիք

ՇԱՀԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Եռօրեայ կարճատեւ այցելութեամբ կ՛ուզէի Հալէպ մեկնիլ` մօտէն ծանօթանալու համար Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին իմ աշխատութեանս արաբերէն թարգմանութեան հատորի հրատարակման մանրամասնութիւններուն: Սակայն Հալէպի ծանօթ ցաւալի կացութեան բերումով մտածեցի զայն հրատարակել Պէյրութի մէջ:

«Ա.».- Ինչո՞ւ արաբերէնի թարգմանուած է ձեր այդ գիրքը:

Շ. Խ.- Աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի 1868-ին այցելած է Եգիպտոս, ուր իր վրձինով նկարած է կարգ մը տեսարաններ: Գիրքը կ՛անդրադառնայ արուեստագէտի կեանքի այդ շրջանին` ներառելով նշեալ նկարները: Գիրքը բծախնդրօրէն թարգմանուած է արաբերէնի, հանրածանօթ թարգմանիչի մը կողմէ:

«Ա.»- Դուք 1946-ին Հալէպէն ներգաղթած էք հայրենիք,  սակայն բնիկ որ տեղացի՞ էք ու ի՞նչ կը զգաք, երբ կը վերադառնաք ձեր ծննդավայրը, հոգ չէ` թէ կարճատեւ այցելութեամբ:

Շ. Խ.- Հալէպ ծնած եմ, Նոր  Գիւղ թաղամասը: 1946-ին ընտանեօք ներգաղթած ենք ու վեց հոգիով բնակած ենք մէկ սենեակի մէջ, մինչեւ նոր տուն կառուցենք: Հայրս` Գէորգը, արհեստով եղած է շինարար ու ինք շինած է Հալէպի մայրանոցը: Սակայն  բնիկ Էրզրումցի եմ: Ներքին ցանկութիւն կ՛ունենամ` երբեմն այցելելու սփիւռքահայ գաղութներ, հանդիպելու մտաւորականներու հետ եւ զրուցելու մշակոյթի հարցերու շուրջ: Ցանկութիւն`  նաեւ ճամբորդելու դէպի Արեւմտեան Հայաստան, տեսնելու Էրզրումը, Վանը, Տիգրանակերտի եկեղեցիին բացումը, ինչպէս նաեւ` այցելել Մուսա Լեռ` յարգելու անոր նահատակներն ու յիշատակները:

«Ա.». -Վերադառնալով  Հայաստանի մէջ ձեր գործունէութեան` ներկայիս ուրիշ ի՞նչ աշխատանքի լծուած էք:

Շահէն Խաչատրեան՝ Այվազովսկիի «Փոթորիկ Ժայռով ափերին» գործին հետ

Շ. Խ.- Ներկայիս կ՛աշխատիմ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ` որպէս խորհրդական ու ընդառաջելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. վեհափառի փափաքին` կը պատրաստեմ «Խրիմեան Հայրիկ» թանգարանը, ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ Արշիլ Կորքիի գործերը` ղրկուած բացառիկ մեզ համար, քրոջը` Շուշանիկին կողմէ: Նաեւ Ռուբէն Սեւակի եղբօր տղան`  Յակոբ Չիլինկարեան, արդէն նուէր ղրկած է Այվազովսկիի,  Շարլ Ադամեանի ու շատերու նկարները, որոնց համար կը պատրաստուի Ռուբէն Սեւակի անուան յատուկ թանգարան, Էջմիածնի մայր տաճարին կից: Ուրախութեամբ աւելցնեմ նաեւ, որ նոր մատենադարան հիմնուեցաւ` մեկենասութեամբ Լոնտոնէն ազգային բարերար Րաֆֆի Մանուկեանի: Միաժամանակ, որպէս արուեստաբան, ներկայիս լծուած եմ նոր սերունդին համար ընթեռնելի, համառօտ ու յատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացնել  մեր մեծագոյն նկարիչները, որպէսզի աւելի մօտիկ զգան անոնց: Այս գծով արդէն իսկ լոյս տեսած են վեց հատորներ` հայերէն ու օտար լեզուներով:  Չմոռնանք նաեւ, որ այս տարի կը զուգադիպի Յովհաննէս Այվազովսկիի աւագ եղբօր` Գաբրիէլ արք. Այվազեանի ծննդեան 200-ամեակին ու կարեւոր հարց է` բացայայտել երկու եղբայրներուն հոգեկան կապերը: Անդրադառնալով այս հարցին` պատրաստած եմ երկար ժամանակ լոյս չտեսած  Գաբրիէլ  արք. Այվազեանի գրական գործերու վաստակէն մօտ 500 էջերով հատընտիր մը, որ շուտով լոյս կը տեսնէ Էջմիածնի հրատարակչատունէն:

«Ա.».- Կրօնական կեդրոնները, իբրեւ հոգեւոր խորհրդածութեան լուռ  ու մենակեաց սրբավայրեր, իսկ  արուեստը երբեմն իր ծայրայեղ սլացքով, կարելի՞ է համակեցութիւն գոյացնել անոնց միջեւ:Այլ խօսքով,  կրօնն ու արուեստը միատեղ` զիրար չե՞ն հակասեր:

Շ. Խ.- Ո՛չ, որովհետեւ շատ հայրենասէր մարդիկ իրենց մօտ գտնուող արուեստի գործերը  սիրայօժար նուիրած են Էջմիածինին: Այդ գործերուն մեծ մասը ցուցադրուած է վեհարանին մէջ: Ահա, ուրեմն,  վեհարանին «կ՛ընկերակցի» ուրիշ թանգարան մը, ինչպէս, օրինակ, Կիլիկիոյ  թանգարանն ու Ս. Ղազարի եւ այլ վանքերու թանգարանները:

«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որեւէ աշխատասիրութեան ձեռնարկա՞ծ էք, արուեստի ու մշակոյթի դիտանկիւնէն:

Ցաւին գոյնը

Շ. Խ.- Այո՛, բայց նախ յիշեցնեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով ու ընդառաջելով Գարեգին Բ. կաթողիկոսի առաջարկին` լոյս տեսաւ «Ցաւի գոյնը» խորագրեալ իմ առաջին գիրքս ու այս գծով «Եղեռնի անդրադարձը հայ նկարչութեան մէջ» խորագրով դասախօսութիւն տուի:  Իմ այս աշխատանքս կրնայ հիմք դառնալ

100-ամեակի առիթով  շատ տպաւորիչ, շատ ներգործող աշխատանքի` նոր սերունդներուն համար: Օրինակ, Յովհաննէս Այվազովսկի  գործերուն մէջ կայ նկար մը` 1895-ին սուլթան Համիտի կազմակերպած  ջարդերուն մասին:

«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք  սփիւռքահայութեան ու յատկապէս` լիբանանահայութեան ու սուրիահայութեան:

Շ. Խ.- Խորապէս կը ցաւիմ սուրիահայութեան ու յատկապէս Հալէպի ներկայ կացութեան համար: Իսկ լիբանանահայութեան  շատ բան կ՛ուզեմ ըսել, բայց շեշտեմ մէկ հարց, որ պէյրութահայութիւնը տէր կանգնի արեւմտահայ լեզուի պահպանման ու տարարածումին: Կը մաղթեմ, որ անոնք անկեղծօրէն  ծառայեն արեւմտահայերէնին եւ հիմք դառնան այդ լեզուի համար: Այս իմաստով, նախապէս ուրիշ կեդրոններ կային, ինչպէս` Թիֆլիսը, Պոլիսը… հիմա միայն Պէյրութը մնացած է…

 

 

Նախորդը

Սուրբ Սարգիս Եւ Սրբութեան Գաղափարը *

Յաջորդը

Կարօտի Դրացնութիւն` Նախկին Որբանոցին Հետ (Անթիլիասի Որբերէն` Բենիամին Չաքմաքճեանի մահուան առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.