Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբի Երէկուան Նիստը Բացայայտեց Լուրջ Տարակարծութիւններ

January 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայեպ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, երէկ կէսօրէ առաջ վերադարձաւ խորհրդարան, ուր անիկա  երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի նախագահութեամբ գումարեց իր նիստը:

Նիստին ընթացքին երեսփոխանները իրենց տեսակէտը ներկայացուցին մեծամասնական եւ համամասնական դրութիւնները միաձուլող ընտրական խառն օրինագիծին մասին:

Երէկուան նիստին ընթացքին յստակ դարձաւ, որ ենթայաձնախումբին մաս կազմող քաղաքական ուժերը բաւական տարակարծիք են:

Նիստէն ետք Ղանեմ նշեց, որ իրենց նպատակն է հասարակ յայտարարներ գտնել` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ընտրական օրէնքի միացեալ ենթահող մը գտնել եւ բոլոր համայնքներուն համար արդար օրէնք մը մշակել:

Ղանեմ ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքը իր իրաւունքները կը պահանջէ, սակայն այլոց իրաւունքներուն վնաս չ՛ուզեր հասցնել:

Իր կարգին, Աքրամ Շեհայեպ հաստատեց, որ ենթայանձնախումբին անդամներուն մօտ խոր տարակարծութիւն կայ, որովհետեւ քաղաքական ոչ մէկ ուժ պատրաստակամ  է երկիրը այլ ուժի վստահելու:

Ենթայանձնախումբի աշխատանքին մասին ժխտական կեցուածքներ արտայայտեցին նաեւ կարգ մը այլ երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժորժ Ատուան, Ալեն Աուն եւ Ալի Ֆայեատ:

Խառն ընտրական օրինագիծին դէմ արտայայտուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքին ներկայացուցիչը, որուն զօրակցեցան Փաղանգաւոր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները:

Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած որեւէ ընտրական օրինագիծ եւ համամիտ են մեծամասնական դրութեան:

Ֆաթֆաթ ներկայացուց նաեւ այլ առաջարկ մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը կը բաժնուի 128 ընտրաշրջանի եւ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի պարագային կ՛ընտրուի մէկ երեսփոխան: Ան նշեց, որ այդ առաջարկը Հըզպալլայի կողմէ ուղղակի վեթոյի ենթարկուած է:

Ալի Ֆայեատ աւելի ուշ յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ տեսութիւններուն` աւելցնելով, որ քաղաքական որոշ կողմեր տիւ ու գիշեր կը հարուածեն համամասնական դրութիւնը, իսկ այդ մէկը կատարող կողմերը կը վախնան, որ իրենց իսկական ներկայացուցչութիւնը երեւան գայ, եթէ երբեք համամասնական դրութիւնը որդեգրուի:

Երեսփոխան Ալեն Աուն իր կարգին «գուժեց» խառն ընտրական օրինագիծին մահը` աւելցնելով, որ, ըստ երեւոյթին, միակ լուծումը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծն է:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան նշեց, որ ենթայանձնախումբին քննարկումները ողջունելի են, եւ պէտք է որոշել ընտրական այն օրինագիծը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Ալի Պեզզի իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ ենթայանձնախումբին նիստը եղած է բաւական լուրջ եւ բոլոր կողմերը յանձնառութիւն ցուցաբերած են երեկոյեան նիստերուն ընթացքին այդ քննարկումները շարունակելու:

Նշենք, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երեկոյեան ժամը 5:30-ին գումարեց երէկուան իր երկրորդ նիստը:

 

Նախորդը

Պըրրի – Ժեմայէլ Հանդիպում

Յաջորդը

Ուիլիըմզ Լոնտոնի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մէջ Յարձակումի Ենթարկուած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.