Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Ժոմպլաթ – Լաւրով Հանդիպում

January 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին լիբանանցի եւ ռուս պատասխանատուները տեսակէտներ փոխանակեցին Միջին Արեւելքի իրավիճակին եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի զարգացումներուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին շարունակելու խորհրդակցութիւնները` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ օժանդակելու շրջանին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել միայն Ժընեւի հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիա պատրաստակամութիւն յայտնած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցերուն քաղաքական եւ նիւթական լուծում ապահովելու:

Իր կարգին, Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի ներքին լիբանանեան հարցերը առանց միջամտութեան եւ երկխօսութեան միջոցով լուծելու ընտրանքին:

Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան ընդմէջէն:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ռուսական ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Միխայէլ Մարկելովի եւ ռուսական Տումային մէջ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Սերկէյ Պոսկովի հետ:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Մուսթաքպալ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Այցելեց Նաքուրա

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.