Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընտրական Համախոհական Օրէնք Մը Գոյացնելու Ճիգերը Պիտի Շարունակեմ Մինչեւ Վերջին Վայրկեան» Շեշտեց Պըրրի

January 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի եւ հիւպատոսական անձնակազմին անդամները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած հիւպատոսական անձնակազմի անդամները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին:

Պըրրի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այդքան ցեխարձակումի ենթարկել Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, երբ Լիբանան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ընտրական ազգային օրէնք մը չէ մշակած:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ ինք 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն չէ եղած, սակայն երբ անոր շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացած է, ապա ինք այդ օրէնքին դէմ չէ եղած: «Նոյն ձեւով ալ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին դէմ չեմ եւ համաձայն եմ այն օրէնքին, որուն շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն կը գոյանայ: Իսկ ընտրական համախոհական օրէնք մը գոյացնելու ճիգերը պիտի շարունակեմ մինչեւ վերջին վայրկեան», շեշտեց ան:

Պըրրի նշեց Լիբանանի 2012-ի իրագործումները` շեշտելով, որ իսկական նուաճումներն են Լիթանիի ամբարտակին կառուցման սկիզբը, Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Քարիւղի մարզի տնօրինման ազգային յանձնախումբին կազմութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի նիւթական տագնապը քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ լուծել:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան մասին լիբանանեան համախոհութիւն կայ, «հետեւաբար Լիբանան ո՛չ իր հողային եւ ո՛չ ալ ծովային սահմաններէն պիտի զիջի»:

Անդրադառնալով Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն` Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանցիները ոչ ոքի կարիք ունին` մարդասիրական քայլեր առնելու համար: Ան ըսաւ, որ լիբանանցիները պատասխանատու են սուրիացի գաղթականներուն, այնպէս ինչպէս պատասխանատու են իրենց անձերուն:

Նշենք, որ երեսփոխան Պութրոս Հարպ երէկ երեկոյեան այցելեց Պըրրիի, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեան ընթացքին քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախորդը

Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Եւ Իրանի Դեսպանները

Յաջորդը

Շարպել. «Քաթար Պատասխանատու Մը Նշանակած Է` Հետեւելու Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.