Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց Խմբագիրներու սենտիքայի կեդրոնը, ուրկէ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ այդ օրինագիծը Լիբանանի մէջ մշակուած ըլլայ:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը քրիստոնեաները իրաւազրկող օրէնք մըն է:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծէն աւելի լաւ օրինագիծ մը ըլլայ, ապա իրենք պատրաստ են քննարկելու զայն:


