Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Տարուան Լաւագոյն Նախաձեռնութիւնը

January 17, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յանուն ապագայի» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը ճանչցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն նախաձեռնութիւնը:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Լիլիթ Գալստեան ilur.am լրատուական կայքէջի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ տարուան լաւագոյնը ճանչցուիլը բոլորին նուիրումին արդիւնքն է:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք հաւատացած են ծրագիրին, մասնակից դարձած են` իրենց ձեռքը մեկնելով պատերազմի իբրեւ արդիւնք անասելի ողբերգութիւն ապրող սուրիահայերուն:

«Նախաձեռնութիւնը այս տարի ալ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը. ցաւով կ՛ըսեմ, քանի որ պատերազմը աւարտելու հեռանկար չ՛արձանագրեր, եւ մեր հայրենակիցները իրենց ճամբուն վրայ բազմաթիւ խոչընդոտներու առջեւ կը կանգնին, իսկ մենք պարզապէս իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու, կը փորձենք ըլլալ զգօն, նոր ծրագիրներ մշակել եւ շարունակել մեր եղբայրական օգնութեան տրամադրումը մեր հայրենակիցներուն», նշեց Լիլիթ Գալստեան:

Ըստ անոր, քանի որ սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է իր թռիչքները, ապա նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու մարտավարութիւն:

«Բեռնափոխադրումները շատ ծանր հոլովոյթ են, այս պայմաններուն մէջ` գրեթէ անկարելի: Պիտի  շարունակենք Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերել, որոշած ենք իւրաքանչիւր շաբաթ օր կուտակուած պարենային օգնութիւնը շարունակել բաժնել Կոմիտասի փողոցին մէջ գտնուող «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ», յայտնեց Գալստեան:

Լիլիթ Գալստեան նաեւ տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր մինչեւ 8 տարեկան սուրիահայ երեխաներուն նախաձեռնութիւնը նուիրած է 300 ձմեռնային բաճկոններ: Իսկ բաճկոնները նախաձեռնութեան նուիրաբերած էր բարերար մը:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Կը Շարունակէ Իր Քննարկումները. Յաջորդ Նիստը Տեղի Կ՛ունենայ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օր

Յաջորդը

«ՀՅԴ-ն Նոր Իրավիճակ Կը Կանխատեսէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.