«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Միքայէլ Լաուտրուփի զաւակը` Անտրէաս, Դանիոյ ախոյեան Նորտսժայելանտէն մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Սենթ Էթիենի:
22 տարեկան միջնապահը, որ իր ակումբին հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին գծով չորս մրցում կատարեց, մաս կը կազմէ Դանիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին:
Անտրէաս ծնած է Պարսելոնայի մէջ, ուր անոր հայրը` Միքայէլ, յաջորդաբար չորս տարի (1991-1994) Պարսայի հետ հանդիսացած է «Լա լիկա»-ի ախոյեան: Սուանզի Սիթիի մարզիչը` Միքայէլ, իր այդ յաջողութիւնը այդ տարիներուն արձանագրած է իրեն մարզիչ ունենալով Եոհան Քրույֆը:


