
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց սուրիական երկխօսութեան համար առաջարկներ ներկայացնելու` ընդգծելով, որ երկխօսութիւն կատարելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական թատերաբեմէն հեռացման պայմանի կիրարկումը անկարելի է:
Պէյրութի մէջ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հերքեցին, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ ռուս պաշտօնատարները համաձայն են կազմութեան սուրիական փոխանցման կառավարութեան մը, որ փոխանցման հանգրուանի ընթացքին կը ստանձնէ Ասատի բոլոր լիազօրութիւնները:
«Ռուսիա կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով փոխանցման հոլովոյթին կ՛աջակցի եւ Իպրահիմիի հետ փոխանցման կառավարութեան` նախագահ Ասատի բոլոր լիազօրութիւնները ստանձնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»:
Սուրիական Ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «յետասատեան Սուրիոյ վերաբերեալ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են»` ընդգծելով, որ «իսլամականները յետասատեան Սուրիոյ մէջ իշխանութեան պիտի չհասնին, որովհետեւ հատուածներն ու հոսանքները նախանձախնդիր են, որ ապագայ Սուրիան իր բոլոր զաւակներուն եւ յարանուանութեանց ըլլայ», եւ աւելցուց, որ «սուրիական ընկերութիւնը չափաւորական է եւ ծայրայեղականութիւնը պիտի չընդունի»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ ըստ օրաթերթին հասած տեղեկութեանց, թրքական կառավարութիւնը Քայիտայի մաս կազմող «Ժապհաթ Նուսրա» զինեալ խմբաւորման դիմաց Սուրիոյ հետ իր սահմանը ժամանակաւորապէս փակած է, որովհետեւ անոր ազդեցութիւնն ու փառամոլութիւնը մեծցած է:
Մարտական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Թուրքիա վերջերս փակած է «Ժապհաթ Նուսրա»-ի ֆինանսաւորման աղբիւրները եւ թերեւս անոր զօրակցող իր կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկէ, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի զինեալներէն նկատառելի թիւ մը Էրտողանի կառավարութեան դէմ ելլեն:
Մինչ այդ, բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր մարտական ղեկավարի մը սպանութիւնը երկու մրցակից ուժերու միջեւ իշխանութեան շուրջ պայքար կրնայ ծագեցնել»:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ սպաննուած մարտական ղեկավարը «Ֆարուք» ջոկատէն Սայեր Ուաքասն է, որ չորս ամիս առաջ «Ժապհաթ Նուսրա»-էն Ֆիրաս Ապսիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած էր:
Սուրիացի ընդդիմադիրներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ապսիի եղբայրը ըմբոստներուն ղեկավարներէն մէկն է եւ ան երդուած է իր եղբօր վրէժը լուծել եւ կը թուի, որ իր խոստումը կատարած է: Իսկ ներկայիս «Ֆարուք» ջոկատները սուգի մէջ են, «շատ չանցած «Ժապհաթ Նուսրա»-ի հետ բախումներ պիտի ծագին»:


