Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 12, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ռուսական դեսպանատան եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը: Նշենք, որ երէկ Զասպիքին Սուրիոյ տագնապին մասին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն պիտի չզիջի եւ պէտք է գործադրել Ժընեւի հաղորդագրութեան կէտերը, ինչպէս նաեւ սկսիլ երկխօսութեան:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը լիբանանեան հարցը չի լուծեր, այլ երկրին յարանուանական դրութեան բնոյթը կ՛ամրապնդէ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, որպէսզի իր նախագահութեան նստաշրջանը երկարաձգուի:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատին մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժամիլ Սէյիտ որոշած է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրել Պեքաայի շրջանէն` իբրեւ անկախ թեկնածու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած այսպէս կոչուած ընտրական օրինագիծը ուղղափառ համայնքը չի ներկայացներ:

ՍԱՐԱՖԱՆՏԻ մէջ անծանօթ մը պայթեցուցած է ոգելից ըմպելիներու վաճառատուն մը, որ կը պատկանի Օսէյլի ընտանիքին: Պայթումը պատճառած է նիւթական վնասներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ռահհալ կոչ ուղղեց կառավարութեան սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ հիմնելու: Ան հաստատեց, որ ինք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ է` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին ինք կը զօրակցի 1960-ի ընտրական օրէնքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ ընտրական ենթայանձնախումբը իր դերակատարութենէն աւելի պատասխանատուութիւն ստանձնած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կը շեշտէ, որ իրենք կը մերժեն որեւէ ընտրական օրէնք, որ կը հակադրուի Թաէֆին, եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանը կը վերադարձնէ աշիրեթական ժամանակաշրջանին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական հանդիպումի անդամ Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծը Լիբանանի ազգային համերաշխութեան վտանգ կը սպառնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը հակադրուի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած «Գործակցութեան եւ սիրոյ» կարգախօսին հետ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանին քաղաքական նոր վարչակարգ կը ճշդէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կրնայ իսկական խորհրդարան մը ստեղծել:

 

 

Նախորդը

Շուլց Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը

Յաջորդը

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Երկուշաբթի Օր Իր Քննարկումներուն Ամփոփումը Պիտի Յանձնէ Միացեալ Յանձնախումբերուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.