Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Այսօր Իր Նիստերուն Ատենագրութիւնը Պիտի Յանձնէ Պըրրիի

January 11, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընտրական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը ըստ սովորականին խորհրդարանին մէջ գումարեց իր առաւօտեան նիստը, որուն աւարտը սակայն սովորական չեղաւ, այլեւ` փոթորկոտ, ինչպէս էին երկրին կլիմայական պայմանները նախորդ երեք օրերուն ընթացքին:

Խորհրդարանական ենթայանձնախումբին նիստը եղաւ փոթորկոտ եւ բանավէճերով լեցուն, պարզ այն պատճառով, որ յանձնախումբի անդամ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն առաջարկեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը ներկայացնել խորհրդարանի լիագումար նիստին` նկատի ունենալով անոր շուրջ գոյացած համախոհութիւնը:

Այս առաջարկին ընդդիմացան Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ:

Այս մերժումին պատճառով նիստը սկսաւ փոթորկիլ եւ անոր իբրեւ հետեւանք երեսփոխան Ալեն Աուն լքեց նիստը. Աունի հետեւեցան երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ եւ Ժորժ Ատուան, որոնք առանձին հանդիպում մը ունեցան Ժեմայէլի գրասենեակին մէջ` հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով:

Սակայն անոնք ձեռնունայն դուրս եկան` առանց այդ հարցին լուծում մը գտնելու:

Երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ինք ընդվզած է, որ նիստերուն ատենագրութիւնը չէ վաւերացուած` նկատել տալով, որ այդ իմաստով ձգձգում կ՛արձանագրուի: «Հետեւաբար որոշեցի խորհրդարանական ենթայանձնախումբին նիստերուն իմ մասնակցութիւնս պոյքոթի ենթարկել եւ կեցուածքէս անշեղ պիտի մնան, մինչեւ  որ ատենագրութիւնը վաւերացուի եւ խորհրդարանի լիագումար նիստին փոխանցուի», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ալեն Աուն ձախողեցուցած է խորհրդարանական ենթայանձնախումբին նիստը, որովհետեւ ան նպատակ չունէր համախոհութիւն գոյացնել:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ ինք եւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ հարց չունին` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժերուն կողմէ  Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին զօրակցութիւն ցուցաբերելը չի նշանակեր քաղաքական եւ ընտրական դաշնակից Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ հարց ունենալ:

Նշենք, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին նիստին նախագահող երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը քննարկեց բոլոր օրինագիծերը, որոնք ներառուած էին իր օրակարգին վրայ: Ղանեմ աւելցուց, որ երեկոյեան նիստին ընթացքին խորհրդարանական ենթայանձնախումբը պիտի աւարտէ խորհրդարանի երեսփոխաններուն թիւին մասին իր սկսած քննարկումները:

Ան ըսաւ, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը իր քննարկումներու ատենագրութիւններուն ամփոփումը պիտի յղէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ պիտի շարունակէ քննարկել քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ գտնուող հասարակ յայտարարները:

Խորհրդարանական ենթայանձնախումբին նիստը վերստին շարունակուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այսօր պիտի աւարտէ իր նիստին ատենագրութիւնը եւ զայն պիտի յանձնէ Պըրրիի:

Նշենք, որ հերքելով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի հաղորդած այն լուրը, թէ  Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ալեն Աուն պոյքոթի ենթարկած են իրենց մասնակցութիւնը ենթայանձնախումբի նիստին, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք նախապէս տեղեակ պահած էր ենթայանձնախումբի նախագահն ու անդամները, թէ ինք պարտաւոր է նոյն ժամուն ներկայ գտնուիլ Անթիլիասի կաթողիկոսարան, ուր տեղի պիտի ունենար Կիպրոսի նախագահին հետ հանդիպումը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Պըրրիի Եւ Մըրի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Զօր. Աունի Հետ Իր Դաշինքով Հանգիստ Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.