Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Հարցով Իպրահիմի-Պըրնզ-Պոկտանով Հանդիպում

January 11, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Գահիրէի մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանի եւ բոլոր լիազօրութեանց տէր կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը պէտք է գործադրել:

Իպրահիմի լրագրողներուն ըսաւ, որ այսօր Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով հանդիպում կ՛ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզի հետ` նշելով, որ ասիկա Սուրիոյ տագնապին շուրջ իր տեսակին մէջ երկրորդ խորհրդակցութիւնը պիտի ըլլայ:

Միջազգային պատուիրակը նշեց, որ այսօրուան հանդիպումը շարունակութիւնն է 6 դեկտեմբերին Տապլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումին, որ շարունակուեցաւ 9 դեկտեմբերին, Ժընեւի մէջ Պոկտանովի եւ Պըրնզի մասնակցութեամբ:

Իպրահիմի աւելցուց, որ այս հանդիպումներուն նպատակը 30 յունիս 2012-ին հրապարակուած Ժընեւի հաղորդագրութիւնը կեանքի կոչելն է, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին եւ ամբողջական լիազօրութեանց տէր կառավարութեան կազմութեան:

Իպրահիմի նախապէս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ ինք փոխանցման կառավարութեան կազմին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի համար որեւէ դեր չի տեսներ` ընդգծելով, որ «անկասկած ան այդ կառավարութեան անդամ պիտի չըլլայ»:

Ան ըսաւ, որ «Ժընեւի հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման հիմքն է, եւ մենք խաղաղ լուծման մասին կը խօսինք եւ ոչ թէ զինուորական լուծումի»` աւելցնելով, որ «խաղաղ լուծումի հասնելու համար որքան աճապարենք, այդքան լաւ, որովհետեւ Սուրիան կը բզկտուի եւ քանդումի գործողութիւնը պէտք է դադրի»: Ան նշեց, որ «լուծումը մինչեւ 2014 չի կրնար սպասել, այլ պէտք է գործադրուի 2013-ին»:

Իպրահիմի նաեւ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ներում հայցեց «յարանուանական» բառը օգտագործելուն համար: Ան յայտնած էր, որ Ասատի ելոյթը նախորդներէն ոչինչով կը տարբերէր, «հաւանաբար անիկա մինչեւ իսկ աւելի յարանուանական եւ միակողմանի էր»: Սակայն Իպրահիմի կառչած մնաց Ասատի ճառը քննադատելուն եւ ըսաւ. «Ճառը շատ հարցեր ունի, սակայն յարանուանական չէ»:

Սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը հակադարձեց Իպրահիմիի խօսքին`  զարմանք յայտնելով այդ յայտարարութեան համար, որովհետեւ «Իպրահիմի դուրս եկաւ իր առաքելութեան խորքէն եւ անամօթ կերպով ցոյց տուաւ Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ իրենց դաւադրութեամբ ծանօթ շրջանակներու կեցուածքին օգտին իր կողմնակալութեան»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ասատի ճառին բովանդակած գաղափարները պէտք է նկատի առնուին:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի երէկ յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ այսօր գումարուելիք եռակողմանի ժողովը նպաստէ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման: «Չինաստան սուրիական տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու ձգտող բոլոր ջանքերուն կ՛աջակցի, ինչպէս նաեւ Իպրահիմիի անկողմնակալ միջնորդական առաքելութեան կ՛աջակցի», նշեց ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «ռուսական կեցուածքը չէ փոխուած. մենք հետաքրքրուած ենք 30 յունիս 2012-ին Ժընեւի մէջ «աշխատանքային խմբակ»-ի հաղորդագրութեան կարեւորութեան շուրջ խօսքերը շուտով գործնական հունի մէջ դնելով` նպաստելու համար Սուրիոյ ներքին տագնապի լուծման»` շեշտելով, որ «սուրիացիները իրենք միայն կրնան համաձայնութիւն գոյացնել իրենց երկրին ապագայ զարգացման բնորդին շուրջ»:

«Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ Ռուսիա պատրաստ էր այսպիսի աշխատանքի եւ տակաւին պատրաստ է», ըսաւ ան:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ Գահիրէի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Եգիպտոսի կեցուածքը այն է, որ «լուծումը պէտք է արաբական ծիրի մէջ ըլլայ, եւ պէտք է ժողովուրդին պահանջներուն ընդառաջել»` շեշտելով, որ սուրիացի ժողովուրդին պէտք է յաւելեալ արիւնահեղութիւն խնայել, եւ Իրան այդ շրջանակին մէջ դերակատարութիւն ունի ու պէտք է զայն կատարէ:

Միւս կողմէ, մինչ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած, ապա ազատ արձակուած 48 իրանցիները երէկ Թեհրան հասան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ ըսաւ, որ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ ազատ արձակուած 4 թուրքերը օդաչուներ չեն, այլ` քաղաքացիներ: Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդի նախկին նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա երէկ իր կարգին յայտնեց, որ գերիներու փոխանակման համար Իրանի եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը «վերջինը պիտի չըլլայ»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած երկու նամակներով յայտնեց, որ Հալէպի մէջ շուրջ հազար գործարաններ գողութեան ենթարկուած են եւ անոնց սարքերը Թուրքիա փոխադրուած են` թրքական կառավարութեան ամբողջական գիտութեամբ եւ տրամադրած դիւրութիւններով: «Ատիկա անգամ մը եւս ապացոյց է թրքական փառամոլութեան եւ սուրիական տագնապին մէջ անոր քանդիչ դերակատարութեան ու սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ վատ մտադրութեանց, ինչպէս նաեւ սուրիացիներու կեանքին եւ անոնց կեանքի հիմնական պայմաններուն նկատմամբ նախանձախնդիր ըլլալու անոր պնդումներուն կեղծութեան»:

 

Նախորդը

Փարիզի Քրտական Հիմնարկներէն Մէկուն Մէջ Երեք Քիւրտ Ականաւոր Կին Գործիչներ Սպաննուած Են

Յաջորդը

Մարտ 14-ի Քրիստոնեայ Քաղաքական Ուժերուն Ընդդիմադիր Թեւը Կը Ծնի Պութրոս Հարպի Բնակարանէն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.