Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիեւ. «Մաքսային Միութիւնը Համատեղելի Չէ Եւրոպական Միութեան Ազատ Առեւտուրի Գօտիին Հետ»

January 10, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Քիեւ եւս կը հաստատէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնած Մաքսային միութիւնը անկարելի է համատեղել Եւրոպական Միութեան առաջարկած ազատ առեւտուրի գօտիին հետ: Այդ մասին երէկ գրեց Եւրոպական Միութեան մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Քոնսթանթին Ելիսէեւը` տեղական մամուլին մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ:

Դիւանագէտը ընդգծեց, որ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները, որոնց շարքին` Հայաստան եւ Ուքրանիա, կրնան միաժամանակ անդամակցիլ թէ՛ Եւրոպական Միութեան ազատ առեւտուրի գօտիին, թէ՛ ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ ստեղծուած նոյնանման կառոյցին, սակայն, չեն կրնար անդամակցիլ Մաքսային միութեան, որուն շուրջ հաւաքուած են Ռուսիան, Պիելոռուսիան ու Ղազախստանը:

Նախապէս Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթընի բանբերը նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն մը կատարած էր Հայաստանի մասին` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ: Եւրոպացի պաշտօնեան նշած էր, որ եթէ Հայաստան որոշէ միանալ որեւէ մաքսային միութեան, ապա ատիկա անհամատեղելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք երկկողմանի Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին հետ: Հարցը այն է, որ Մաքսային միութիւնը ընդհանուր արտաքին առեւտրական քաղաքականութիւն ունի եւ անհատ երկիրները, որոնք կ՛անդամակցին այդ մաքսային միութեան, այլեւս ինքնիշխան չեն իրենց արտաքին առեւտուրի քաղաքականութեան մարզին մէջ:

Նշենք, որ ներկայիս Հայաստան, Ուքրանիա, Մոլտաւիա եւ Վրաստան բանակցութիւններ կը վարեն Պրիւքսելի հետ` Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ: Կ՛ակնկալուի, որ փաստաթուղթի ստորագրման պարագային այս երկիրներուն մէջ արտադրուած ապրանքները կրնան անարգել եւ շահաւէտ պայմաններով մուտք գործել եւրոպական հարուստ եւ գնողունակ շուկայ: Փորձագէտներուն գնահատումով, Եւրոպական Միութեան այս առաջարկը կրնայ նոր ներդրումներ բերել յետխորհրդային այս երկիրներուն եւ նպաստել տնտեսութեան զարգացման, այն պարագային, երբ Քրեմլինի նախաձեռնած Մաքսային միութիւնը առայժմ յստակ հեռանկարներ չ՛ուրուագծեր:

«Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի այս համաձայնագիրը կը պահանջէ, որ  ուքրանական ընկերութիւնները աստիճանաբար բարելաւեն իրենց արտադրած ապրանքներուն որակն ու արդիւնաւէտութիւնը, մինչդեռ ԱՊՀ-ի հետ առեւտուրը թերեւս տնտեսական իրողութիւններու պահանջ է, սակայն, չի խթաներ փոփոխութիւններ: Առեւտուրը Եւրոպական Միութեան հետ` ներդրում է ապագային մէջ», երէկ գրեց Եւրոպական Միութեան մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը:

Նախորդը

Օպամայի Վարչակարգին Կայքէջին Վրայ Զետեղուած Դիմումնագիր Մը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայ Գաղթականներուն Համար Թուրքիա – Հայաստան Սահմանը Բանալու

Յաջորդը

«Կայ Մէկ Թեկնածու, Որ Արդէն Յաղթած Է» Կ՛ըսէ Լեւոն Շիրինեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.