Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբը Գումարեց Իր Երրորդ Եւ Չորրորդ Նիստերը

January 10, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեղմ յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց իր երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, որոնց ընթացքին շարունակեց քննարկել ընտրական տարբեր օրինագիծերը:

Երէկուան առաջին նիստը գումարուեցաւ

առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իսկ երկրորդը` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Նիստերուն նախագահեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:

Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ալի Ֆայեատ, Ալի Պեզզի, Ալեն Աուն, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սամի Ժեմայէլ, Ժորժ Ատուան, Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Աքրամ Շեհայէպ:

Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծն ու Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծը:

Ղանեմ նշեց, որ նիստերուն ընթացքին լուրջ քննարկումներ կը կատարուին` աւելցնելով, որ նիստերուն ընթացքին կը տիրէ դրական մթնոլորտ եւ առարկայականութիւն:

Ան ըսաւ, որ յանձնախումբը իր հինգերորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ յանձնախումբին նիստին ընթացքին կարելի չէ եղած համաձայնութիւն մը գոյացնել նիստերուն ընթացքին արձանագրուած քննարկումներուն գաղտնապահութիւնը խախտելու շուրջ:

Նախքան նիստին գումարումը, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք ընտրական որեւէ օրինագիծ քննարկելու պատրաստ են, պայմանաւ որ անիկա հիմնուած ըլլայ մեծամասնական դրութեան վրայ: Ան աւելցուց, որ իրենք կառչած կը մնան Տոհայի մէջ վաւերացուած ընտրական օրէնքին:

ԸՍՏ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, ընտրական օրէնքը քննարկող յանձնախումբը համաձայնութիւն գոյացուցած է Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին շուրջ, եւ նկատի ունենալով, որ անիկա կը վայելէ 70 երեսփոխանի զօրակցութիւնը, ապա յանձնախումբը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ երեսփոխաններուն թիւին հարցը:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսները Պահանջեցին Կազմել Նոր Կառավարութիւն Մը Եւ Մշակել 1960-ի Օրէնքը Շրջանցող Ընտրական Այլ Օրէնք Մը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Փրկարար Աշխատանքներու Գերագոյն Խորհուրդին Տրամադրեց 3 Միլիառ Լ. Ոսկի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.