
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն նախագահեց միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ եւ որուն մաս կազմեց Նազարէթ Սապունճեան:
Հանդիպումէն ետք Աֆրամ յայտնեց, որ միութիւնը վարչապետին ներկայացուցած է 2013-ի իր պատկերացումները, յատկապէս երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու առումով:
Աֆրամ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտած է, որ 2013-ին ինք յաւելեալ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ լիբանանեան ճարտարարուեստին:
Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ նախարարական նիստի մը, որ կը վերաբերէր ծխելը արգիլելու օրէնքին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս:
Նիստէն ետք տնտեսութեան նախարարը յայտնեց, որ հաւանական է, որ ծխելու օրէնքին գործադրութիւնը սահմանափակ փոփոխութիւններու ենթարկուի:


