Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ծրագիր Մը Առաջարկեց

January 8, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կիրակի օր Դամասկոսի Օփերայի սրահին մէջ հարիւրաւոր սուրիացի պաշտօնատարներու ներկայութեան ուղղակի պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Սուրիոյ տագնապը լուծելու ծրագիր մը ներկայացուց:

Ասատ տագնապի լուծման համար առաջարկեց փուլային ծրագիր մը. 1) Օտար պետութիւնները վերջ կու տան Սուրիա ահաբեկիչ ուղարկելու գործին: Գաղթական սուրիացիները իրենց բնակարանները կը վերադառնան: Կառավարութիւնը կը դադրեցնէ զինեալ գործողութիւնները, սակայն իրեն կը վերապահէ հակադարձելու իրաւունքը, 2) Ոչ մէկ ահաբեկիչ դրացի երկիրներու սահմաններէն Սուրիա մուտք պիտի գործէ, 3) Ընդդիմութեան հետ բանակցութիւնը պիտի կատարուի յատուկ համագումարով մը, որուն ընթացքին Ազգային համաձայնութեան ուխտ մը պիտի կազմուի, 4) Պիտի կազմուի Ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի գործադրէ Ազգային համաձայնութեան ուխտին որոշումները, 5) Ընդհանուր ներում պիտի հռչակուի եւ պիտի պատրաստուի փոխանցման շրջանը: Ընդհանուր ներումը կը յայտարարուի պետութեան կողմէ, սակայն անհատներ կրնան քրէական հայցեր ներկայացնել:

Ասատ նշեց սակայն, որ «մենք պիտի չբանակցինք խամաճիկներու հետ, զորս ստեղծած է Արեւմուտքը»` աւելցնելով, որ «մենք տիրոջ հետ կը բանակցինք եւ ոչ թէ ծառային»:

Ըստ անոր, կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ճգնաժամի քաղաքական լուծումով, սակայն այդ մէկը կատարելու համար տակաւին գործընկերներ չունի: «Մենք պէտք է շարունակենք դժուար իրավիճակէն քաղաքական ելքեր փնտռել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիան ամէն բանէ վեր է»:

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ բարձրացած «Արաբական գարնան» ալիքին` Ասատ զայն Արեւմուտքին կողմէ ստեղծուած կեղծիք մը նկատեց` նշելով, որ «այդ գարունը ընդամէնը օճառի պղպջակ մըն է, որուն գոյութիւնը շուտով պիտի դադրի»:

«Ահաբեկիչներուն յաղթելը կարելի է, սակայն դժուար է յաղթել այն գաղափարախօսութեան, որ անոնք կ՛ուզեն մեր երկրին մէջ տարածել», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի երէկ կառավարութեան անդամները հրաւիրեց Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Ասատի յայտարարած ծրագիրին մեքանիզմները ճշդելու ժողովի մը:

Սակայն Ասատի նախաձեռնութիւնը մեծ ընդունելութիւն չգտաւ Արեւմուտքին եւ սուրիական ընդդիմութեան մօտ: Ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը մերժեց Ասատի նախաձեռնութիւնը: Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Ասատի ճառը «աւելի քան կեղծաւորութիւն է»: Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը գրեց, որ «Սուրիոյ մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու յոյսերը Ասատի ճառէն ետք չքացան», իսկ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթը գրեց, որ «այսուհետեւ Ասատի առջեւ գոյութիւն ունի միայն մէկ ընտրանք` Սուրիան փրկելու համար հեռանալ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Ասատի ճառը` յայտնելով, որ ատիկա «իշխանութեան կառչելու այլ փորձ մըն է եւ սուրիացի ժողովուրդին քաղաքական փոխանցման նպատակի յառաջ մղման առումով ոչինչ կը կատարէ»:

«Այս նախաձեռնութիւնը իրականութենէն անջատուած է, կ՛ականահարէ (ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի) միացեալ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմիի ջանքերը եւ միայն վարչակարգին պիտի արտօնէ յարատեւել` սուրիացի ժողովուրդի արիւնալի ճնշումը շարունակելու համար», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մերժեց Ասատի ճառը` ընդգծելով, որ «Ասատի հեռացումը Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման համար հիմնական պայման է»: Նախարարութիւնը նշեց, որ «Ասատի ճառը իրողութեան անտեսում մըն է եւ սուրիացի ժողովուրդի ճնշումը շարունակելու արդարացում մը»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Ասատ կը փորձէ ուշադրութիւն շեղել` յայտնելով, որ իրեն դէմ կանգնողները Քայիտա կամ ահաբեկիչներ են: «Ասատ այժմ դժուարութեամբ կը փորձէ իր ոտքերուն վրայ կանգնիլ եւ կը շարունակէ իր ժողովուրդը անիրաւել», ընդգծեց Էրտողան:

Էրտողան ըսաւ, որ Ասատի կատարածը «պետական ահաբեկչութիւն է»` հարց տալով, որ «մինչեւ հիմա հարիւր երկիր ճանչցած է սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինը, իսկ քանի՞ երկիր տակաւին Ասատը կը ճանչնայ»:

«Ասատի դիմաց կայ միայն մէկ լուծում` ժողովուրդին կամքը յարգել եւ անոր պահանջները գործադրել», նկատել տուաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնեց, որ Ասատ «շրջանին մէջ ժողովուրդներու պահանջներուն դասը կամ նոյնիսկ իր երկիրը երկու տարի շարունակ քանդելուն իր պատասխանատուութիւնը չէ ըմբռնած»:

Տաւութօղլու նշեց, որ Ասատ «կորսնցուց համոզելու իր կարողութիւնը եւ իր ճառին մէջ նորութիւն մը չըսաւ: Ան ամիսներէ ի վեր նոյն խօսքը կը կրկնէ»:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «60 հազար զոհերէն եւ երկրին հասած մեծ քանդումէն ետք, Ասատ չի կրնար ճամբան կտրել սուրիական ընդդիմութեան առջեւ, որ աշխարհին կողմէ ճանչցուած է»: «Կարելի չէ դատարկ խօսքերով յառաջդիմութիւն արձանագրել եւ կարելի չէ յառաջդիմել` հերքելով գոյութիւնը սուրիական ընդդիմութեան, որ աշխարհին կողմէ ճանչցուած է», աւելցուց ան:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը զօրակցի Ասատը Միջազգային քրէական դատարանին մէջ իբրեւ «պատերազմի ոճրագործ» դատելու պահանջներուն եւ դարձեալ Ասատին կոչ ուղղեց «իշխանութենէն հրաժարելու»:

Միւս կողմէ, Իրան զօրակցութիւն յայտնեց «սուրիական տագնապի լուծման առումով Ասատի նախաձեռնութեան, որ սուրիացի ժողովուրդին խոստմնալից ապագայի մը կառուցման եւ Սուրիոյ ու ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ճամբան կը հարթէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ «Ասատի նախաձեռնութիւնը ծայրայեղականութիւնը, բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը կը մերժէ եւ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ քաղաքական ապագան ուրուագծելու` մեկնելով քաղաքական բազմազանութեան սկզբունքէն եւ պատրաստելու յարմար պայմանները` յստակացնելու համար ուրուագիծը համապարփակ քաղաքական հոլովոյթի մը, որ հիմնուած է ազգային երկխօսութեան, նոր սահմանադրութեան բանաձեւման եւ ընտրութիւններ կատարելու սկզբունքներուն վրայ, ինչ որ նոր կառավարութեան մը կազմութեան կ՛առաջնորդէ»:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Ասատի նախաձեռնութեան յատկութիւններէն մէկը այն է, որ ՄԱԿ-ի ուխտի հիմքերուն եւ նպատակներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապի լուծման բոլոր շրջանային ու միջազգային նախաձեռնութեանց հասարակաց կէտերուն համահունչ է:

Ըստ Սալեհիի, Ասատի նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման իրանեան վեց կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութեան հետ համակարգուած է:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին կողմերը պէտք է Ասատի ներկայացուցած ծրագիրին յանձնառու դառնան:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ամրօ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սալեհիի Գահիրէ այցելութիւնը Սուրիոյ տագնապին շուրջ եգիպտական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ է:

Սուրիոյ Քրտական ձախ կուսակցութեան ղեկավարներէն Շալլալ Քատտօ յայտնեց, որ «քրտական քաղաքները ամբողջովին պաշարուած են, մարդասիրական շատ ծանր կացութեան մէջ են, եւ ելեկտրականութեան շարունակ ընդհատման, հիմնական ծառայութեանց ու վառելանիւթերու, մասնաւորաբար ջերմացման նիւթերու բացակայութեան, ինչպէս նաեւ հացի, դեղորայքի եւ բժշկական նիւթերու սակաւութեան պատճառով մարդասիրական աղէտի մը շեմին են»:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները մինչեւ հիմա զանց առնուած են մարդասիրական օժանդակութիւններէն, հակառակ այն իրողութեան, որ տարբեր նահանգներէ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ հոն ապաստանած են` աւելցնելով, որ ստեղծուած կացութեան արագ կերպով չդարմանուելուն պարագային «կ՛ակնկալուի, որ Սուրիոյ Քիւրտիստանէն դէպի Իրաքի Քիւրտիստան եւ Թուրքիա հաւաքական գաղթի ալիքներ գոյանան», որուն պատճառով Սուրիոյ մէջ քրտական ընկերութիւնը պիտի փլուզուի եւ ժողովուրդը գաղթականի վերածուի:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Բրիտանիա Պատրաստ Է Ֆոլքլանտ Կղզիներուն Համար Պատերազմելու» Կ՛ըսէ Քամերոն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.