Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու է, եթէ իր անձին շուրջ կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:
Ան աւելցուց սակայն, որ համախոհական նախագահ մը ըլլալ չի նշանակեր համ եւ գոյն չունենալ, ինչպէս նաեւ չի նշանակեր ներքին լիբանանեան եւ շրջանային առումով այս կամ այն կողմի կամակատարը ըլլալ:
Շարպել հաստատեց, որ ընդհանուրին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար հիմնական երկու պայմանի կարիք կայ. անոնցմէ մէկն է յանդուգն որոշում տալու կարողութիւնը, իսկ երկրորդը` գործադրել այդ որոշումը:


