Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Ուղղակի Բանակցելու Լիբանանցիները Առեւանգող Կողմերուն Հետ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքին առիթով երէկ Պաալպեքի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ քայլարշաւ մը, որուն յաջորդեց ժողովրդային հաւաք: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաւաքուած բազմութեան ներկայութեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ պէտք է պայքարիլ համայնքային թէ յարանուանական բնոյթի էմիրութիւններ կամ պետութիւններ հիմնելու եւ արաբական աշխարհին բաժանումին միտող բոլոր ծրագիրներուն դէմ: «Լիբանան շատ փոքր է բաժնուելու կամ մասնատուելու համար», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներու հարցին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անոնց նկատմամբ պէտք է մարդկային կեցուածք ցուցաբերել: «Մենք չենք կրնար որոշել, որ որեւէ պատճառի համար սահմանները պէտք է փակել: Ընդհակառակն` մենք պէտք է լուծենք այդ հարցին տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ ապահովական հետեւանքները», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան զարգացնելու իր կեցուածքը` աւելցնելով, որ ան իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին կողքին ամերիկացիներուն, եւրոպացիներուն, ՄԱԿ-ին եւ Արաբական լիկային պէտք է իմացնէ, որ այս ձեւով իրենք Լիբանանի վրայ կը զետեղեն ծանր բեռ մը, հետեւաբար անոնք պէտք է օժանդակեն վերացնելու Սուրիոյ վրայ բանեցուած ճնշումները եւ ուղղուին դէպի քաղաքական լուծում մը, որ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին:

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին առումով սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ուղղակի բանակցելու Ազեզի խմբաւորումին հետ:

Ան ըսաւ, որ կան երեք երկիրներ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ այս թղթածրարին լուծման իմաստով. այդ երկիրներն են` Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը, որովհետեւ այս երկիրներն են, որոնք զինեալ ընդդիմադիրները կը ֆինանսաւորեն եւ կը զինեն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ միջոցով սահմանային շրջաններէն դիւրութիւններ կը տրամադրեն այդ զինեալներուն:

Լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անիկա կը ներկայացնէ յոյսի դուռ մը` լուծելու Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց մշակելու ազգային ռազմավարութիւն մը` օգտուելու Լիբանանի այս բնական հարստութենէն: Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ այդ առումով ռազմավարութիւն մը մշակած է արդէն` հարց տալով, որ արդեօք Լիբանան ի՞նչ ունի:

 

Նախորդը

Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբին Աշխատանքային Ծրագիրը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Այս Տարուան Իր Անդրանիկ Նիստը` Որդեգրելով Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Միջոցառումներու Շարք Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.