
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց 2013 տարուան համախմբումի անդրանիկ նիստին:
Համախմբումին նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենց հաւատքն ու յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ ուղղակի են` աւելցնելով, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները մնայուն կերպով սպանդի ու սպանութեան թիրախ կը դառնան եւ այդ մասին լուռ մնալը վատ է:
Ան նշեց, որ ներկայիս ընդհանրացած է նոր կրօն մը, որ մեղքի ու գաղթականութեան կրօնն է` դիտել տալով, որ կարգ մը իսլամ քարոզիչներու կողմէ արտասանուած ճառերը բարին չեն յուշեր:
«Մեր գիտցած իսլամութիւնը, որուն նկատմամբ սէր ունինք եւ որուն հետ կ՛ապրինք, երկրին մէջ փոխըմբռնում մը յառաջացուցած է, սակայն այս հանգրուանին կայ տարօրինակ նախընթաց մը, որուն նկատմամբ անկարելի է լուռ մնալ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կրօնի ու խօսքի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութեան սկզբունքները պէտք է յարգել:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` զօր. Աուն շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը լաւագոյնն է յաջորդ խորհրդարանին մէջ քրիստոնէական ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն մը ապահովելու նպատակով, իսկ անոր կը յաջորդէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ առումով կան 24 երեսփոխաններ, որոնք քրիստոնեայ համայնքին հետ կապ չունին, հետեւաբար պէտք է անպայման սրբագրել այդ դրութիւնը:
«Թող քրիստոնեայ իւրաքանչիւր կողմ բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին կամ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծերը: Իսկ մենք որեւէ ընտրական օրինագիծ կ՛ընդունինք, պայմանաւ որ հանրապետութեան նախագահին վերադարձուի անոր իրաւունքներուն մէկ երրորդը», հաստատեց ան:


