
Հայաստանի նախագահի պաշտօնը արդէն հինգ յաւակնորդներ ունի: Երէկ Արամ Յարութիւնեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուց 18 փետրուարի ընտրութիւններուն առաջադրուելու փաստաթուղթերը:
Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեան նախագահական ընտրութիւններուն կը մասնակցի երրորդ անգամ ըլլալով:


