Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ Կեդրոնական Ափրիկէի Պանկի շրջանին մէջ գտնուող լիբանանցիները լաւ են եւ քանի մը ընտանիքներ արդէն իսկ տեղափոխուած են Պրազավիլ: Մանսուր աւելցուց, որ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումուա մեծ ճիգ կը գործադրէ պատկան կողմերուն հետ` մօտէն հետեւելով Պանկիի գտնուող 300 լիբանանցիներու վիճակին:


