Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները նախանցեալ օր ուղղուեցան նախագահական պալատ եւ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պաապտայի պալատի ճամբուն վրայ:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենց շարժումները պիտի ներառեն լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ յատկապէս պիտի ուղղուին Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ թրքական շահերը յստակ են, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասին առումով:
Անոնք կոչ ուղղեցին Ազազի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին պատասխանատու նախարարական յանձնախումբին հանդիպելու թուրքերուն հետ եւ շեշտեցին, որ իշխանութեան երեք պետերը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն այս թղթածրարին առումով: «Մե՛նք ենք կարմիր գիծը եւ ոչ թէ թուրքերը», նշեցին անոնք:
Իր կարգին, առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարի պատասխանատու նախարարական յանձնախումբի անդամ, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի
կոչ ուղղեց թրքական իշխանութիւններուն գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ինը լիբանանցի քաղաքացիները ազատ արձակել:
Ան զգուշացուց Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն վնաս հասցնելէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան փոխադարձ յարաբերութիւններ եւ շահեր:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները հաստատ գիտեն, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը իրենց նկատմամբ իր պարտականութիւններուն մէջ չի թերանար:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ընդգծեց, որ Թուրքիա պատասխանատու չէ լիբանանցի քաղաքացիներուն առեւանգումին` աւելցնելով, որ Անգարա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զանոնք ազատ արձակելու բանակցութիւններուն նպաստելու:


