Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թեհրան Սուրիոյ Վրայ Արտաքին Լուծումներու Պարտադրումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Սալեհի

December 27, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Աքպար Սալեհի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ «Թեհրան Սուրիոյ վրայ արտաքին լուծումներու պարտադրումը պիտի չարտօնէ»:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալեհի յայտարարած է, որ «թող բոլորը իմանան, որ Իրան Սուրիոյ վրայ արտաքին լուծումներու պարտադրումը պիտի չարտօնէ»` աւելցնելով, որ «վեց կէտերէ բաղկացած իրանեան նախաձեռնութիւնը սուրիական տագնապի միակ լուծումն է, եւ կը յուսանք, հակառակ դժուար կացութեան, այս տագնապին այդ նախաձեռնութեան հիմամբ լուծում մը տեսնել»:

Սալեհի ըսաւ, որ «միջսուրիական երկխօսութիւնը Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումն է»` նշելով, որ «սուրիական տագնապի ծուխը սուրիացի ժողովուրդին աչքերուն կը վնասէ, եւ ճակատիլ շարունակողները թող գիտնան, որ նոյնիսկ եթէ ենթադրաբար իշխանութեան հասնին, արեան ծովու վրայ իշխել պիտի չկարենան»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Դամասկոս այցելութեան` Սալեհի ըսաւ, որ «մեր կարծիքով, Իրանի վեց կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութենէն դուրս Սուրիոյ հարցին համար կարելի չէ որեւէ լուծում ներկայացնել»:

Դամասկոսի մէջ Չինաստանի դեսպան Թանք Շուն Իպրահիմիի հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է»` շեշտելով, որ «քաղաքական նախաձեռնութեան մը անմիջական կարիքը գոյութիւն ունի»:

ՄԱԿ-ը յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Իպրահիմիի բանակցութիւններէն «որեւէ նորութիւն դուրս չեկաւ»` նշելով, որ «կացութիւնը կը վատթարանայ»: ՄԱԿ ընդգծեց, որ «Իպրահիմի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննարկումներէն բանակցելու որեւէ փափաքի չյանգեցաւ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իպրահիմի շաբաթ օր Մոսկուա պիտի այցելէ: Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ սուրիական պատուիրակութիւն մը այսօր Մոսկուա պիտի այցելէ: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ:

Մինչ այդ, Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող «Քուտս Արապի» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գաղտնաբար Յորդանան այցելած է եւ Սուրիոյ կացութիւնը քննարկած: Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան կողմը կ՛առաջարկէ առանց ուշացումի սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն վրայ անակնկալ յարձակում գործել եւ զանոնք քանդել:

Սուրիոյ բանակի զինուորական ոստիկանութեան անջատուած հրամանատար Ապտել Ազիզ Շիլալ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը Հոմսի եւ աւելի ճիշդ Խալիտիյա թաղամասին մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործած է»:

Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու վարչութենէն անջատուած քափիթեն Ապտել Սալամ Ապտել Ռազզաք իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը Հոմսի մէջ «Սարին» քիմիական նիւթը օգտագործած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ նախարարութիւնը Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսիի գտնուած վայրէն տեղեակ է` նշելով, որ չի կրնար հերքել կամ հաստատել այն լուրերը, թէ Մաքտիսի «Սի.Այ.Էյ.»-ի կարգադրութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ է` մերժելով այս հարցին մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի որեւէ դերակատարութիւն:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ Քուէարկողներուն 63 Առ Հարիւրը Սահմանադրութեան Նախագիծին «Այո» Քուէարկեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.