Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բազմաթիւ Սուրիահայեր Ընտրութիւններէն Ետք Հայաստանի Մէջ Գործի Պիտի Սկսին» Յայտարարեց Հրանուշ Յակոբեան

December 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան (Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք բազմաթիւ սուրիահայեր պիտի սկսին սեփական գործի նախաձեռնել Հայաստանի մէջ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նախարարը նշեց, որ մինչ համեստ կարողութիւններու տէր սուրիահայերը սեփական գործ կը բանան Հայաստանի մէջ, աւելի հարուստները կը սպասեն:

«Հաստատ համոզուած եմ, որ ընտրութիւններէն ետք տասնեակ մը սուրիահայեր, մեծ գործարարներ պիտի բանան իրենց գործը եւ իրենց շուրջ պիտի համախմբեն նախ եւ առաջ սուրիահայերը»,  ըսաւ Յակոբեան:

Նախարարը բացատրեց, թէ ինչո՛ւ սուրիահայերուն գործի ձեռնարկելը կը կապէ նախագահական ընտրութիւններուն հետ. «Աժանութիւն, սղութիւն® այս բոլորը նշանակութիւն կ՛ունենան ընտրական համակարգին վրայ աշխարհի եւ ոչ միայն Հայաստանի մէջ: Միշտ տեղի  կ՛ունենան որոշակի փոփոխութիւններ, եւ ես այն կարծիքին եմ, որ այս ընթացքը մտածելու, խորհելու ընթացք է իրենց համար: Իւրաքանչիւր ընտրութիւն աւելի կ՛ամրապնդէ, յառաջ կը մղէ երկիրը եւ իրենք, կը կարծեմ, ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք պիտի դնեն իրենց գործը»:

Ամփոփելով նախարարութեան նախորդ տարուան գործունէութիւնը` նախարար Յակոբեան առանձնացուց սուրիահայերը, որոնց հոսքը այս տարի Հայաստան կտրուկ կերպով աւելցաւ: Յակոբեան անդրադարձաւ նախորդ շաբաթ Հայաստանի նախագահին հետ սուրիահայ գործարարներուն հանդիպման` նշելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան յանձնարարականներ տուաւ տարբեր նախարարութիւններուն` աջակցելու Հայաստանի մէջ սեփական գործի սկսող սուրիահայերուն:

Հայաստանի կառավարութիւնը սուրիահայերու խնդիրներուն լուծման համար հաստատուած համապարփակ ծրագիր չունի: Յակոբեան յայտնեց, որ հակառակ այսպիսի ծրագիրի բացակայութեան, նախորդ ամիսներուն կառավարութիւնը կրցաւ ի մի բերել սուրիահայերուն խնդիրները եւ մշակել անոնց լուծման ուղիները: Կառավարութիւնը իր շարք մը որոշումներով արտօնութիւններ ընձեռեց սուրիահայերուն Հայաստանի մուտքի այցեգիր, վարորդական իրաւունք ստանալու հոլովոյթներուն մէջ,  անոնց երեխաներուն կարելիութիւն ընձեռեց անվճար մանկապարտէզ, դպրոց եւ համալսարան յաճախել, անվճար բժշկական օգնութիւն ստանալ:

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Դրական Կը Գնահատէ Իր Վերընտրուելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.