Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1962)

December 25, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գարեգին Վարդապետ Կը Խօսի
Աթէնքի Համալսարանի Փրոֆեսէօրներուն

Աթէնքէն կը գրեն մեզի.-

Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իբրեւ դէտ մասնակցած էր Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովին, Եւրոպայէն վերադարձի իր ճամբուն վրայ, անցեալ չորեքշաբթի 12 նոյեմբերին, ժամանեց Աթէնք:

Թեմակալ առաջնորդ Սահակ սրբազանին հետ հայր Սուրբը ուրբաթ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ պատարագին:

Դարձեալ, առաջնորդ սրբազան հօր ընկերակցութեամբ, Գարեգին վարդապետ շաբաթ օր, 15 դեկտեմբերին, այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս սրբազանին, որուն հետ ունեցաւ սիրալիր խօսակցութիւն մը:

Իսկ կիրակի` հայր սուրբը պատարագեց Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան եւ խօսցեաւ խորիմաստ քարոզ մը:

Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք հայր Գարեգին մասնաւոր հրաւէրի մը ընդառաջելով, Աթէնքի համալսարանի աստուածաբանական վարժարանի փրոֆեսէօրներուն առջեւ, սահուն ֆրանսերէնով մը, մէկ ժամ խօսեցաւ Վատիկանի Բ. տիեզերական ժողովին մասին:

Հելլէն բարձրաստիճան ունկնդիրները հիացումով հետեւեցան Գարեգին վարդապետի խօսքին, ջերմօրէն շնորհաւորեցին զինք եւ յետոյ կէս ժամ մտերմիկ զրոյց ունեցան անոր հետ:

Այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ` առաջնորդ սրբազան հայրը, ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ներսէս Յակոբեան եւ անդամներէն Պատրիկ Սարգիսեան:

Գարեգին վրդ. Սարգիսեան մեր եկեղեցականութեան ամէնէն փայլուն եւ բացառիկ դէմքերէն մէկն է, որ իր մտաւորական պաշարով, զարգացումով եւ լեզուագիտութեամբ, ամէնուրեք, օտարներու առջեւ կը բարձրացնէ Հայաստանեաց եկեղեցիի վարկը:

Հայր սուրբը երկուշաբթի երեկոյեան մեկնեցաւ դէպի Պէյրութ: Ողջերթի համար օդակայան գացած էին` առաջնորդ սրբազան հայրը, կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, ինչպէս նաեւ` կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

 

Ծ. Խ.- Յաջորդ թիւով պիտի տանք մեր թղթակիցին մասնաւոր տեսակցութիւնները Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի հետ, Վատիկանի Տիեզերական ժողովին մասին:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը Մամուլի Տակ

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Աշակերտական Գծագրութիւններու Ցուցահանդէս

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.