Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաղդասարեան. «Սերժ Սարգսեանին Կը Սատարենք Մէկ Մարդու Պէս»

December 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ շաբաթ օր իր 11-րդ արտահերթ համագումարը կայացուց Հայաստանի Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը: Համագումարի օրակարգին ընդգրկուած եղած են 18 փետրուար 2013-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն Օրինաց երկիր կուսակցութեան մասնակցութեան եւ ընտրութիւններու նկատմամբ կուսակցութեան դիրքորոշման վերաբերող խնդիրները:

Համագումարին հրաւիրուած էր միայն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, մասնակցած է 2242 պատուիրակ: Համագումարին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Օրինաց երկիր կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան յայտարարած է, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը: «Տակաւին 2008-ին ես յայտարարած էի, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին պիտի սատարենք Սերժ Սարգսեանին: Ուրեմն, եթէ սատարել, ապա մէկ մարդու պէս», ըսած է ան:

Ըստ Բաղդասարեանի, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը արկածախնդիր անծրագիր ընդդիմութեան ետեւէն երթալու չի պատրաստուիր, իսկ իշխանութեան կը սատարէ, քանի որ «մեր կառավարութիւնը յաջողած է յաղթահարել ճգնաժամը եւ երկիրը զերծ պահել ընկերային հաւանական փլուզումներէ»: «Մենք ունինք կազմակերպչական մեծ ներուժ, իսկ մեր կողմէ պաշտպանուող թեկնածուն` բարձր կարելիութիւններ` կրկին ընտրուելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին», վստահեցուցած է ան:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Կը Վերահաստատէ Միջին Դիրքին Կառչած Մնալու Իր Կեցուածքը

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կ՛ողջունէ Ճոն Քերիի Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.