Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման` Ազգային Երկխօսութեան Նպատակով Նոր Նախաձեռնութիւններ Գտնելու Ճիգերուն Մէջ

December 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման` բանակի հրամանատարութեան պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին` ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շնորհաւորեց նախագահը` Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով, ընդգծելով, որ բանակը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վայելէ:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կամ ջանք պիտի խնայէ պաշտպանելու համար իր պատրաստուածութիւնը եւ բարելաւելու համար բանակին զինուորական կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի ընդդիմանայ բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:

Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակը կը պայքարի թշնամի Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ կը գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` պահպանելու համար սահմանային խաղաղութիւնը:

Զօր. Քահուաժի աւելցուց նաեւ, որ բանակը հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ կը հսկէ ապահովութեան եւ լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութեան:

«Բանակը իր նշանաբանին, կարգախօսին, սկզբունքներուն եւ համոզումներուն կառչած պիտի մնայ, հեռու` քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին այցելուները յայտնած են, որ նախագահ Սլէյման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Ազգային երկխօսութեան նպատակով նոր նախաձեռնութիւններ գտնելու:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ նախագահ Սլէյմանի հիմնական մտահոգութիւնը կը կազմէ ընտրական նոր օրէնքի մը եւ երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան քննարկումներուն շարունակումը:

Նախորդը

Բանակը Արաբներն Ու Օտարները Լիբանան Կը Հրաւիրէ` Երաշխաւորելով Անոնց Ապահովութիւնը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կը Վերահաստատէ Միջին Դիրքին Կառչած Մնալու Իր Կեցուածքը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.