
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը Արեւմուտքի դէմ մտած է «տնտեսական պատերազմ»-ի մէջ, որուն ծիրին մէջ Թեհրանի դէմ սահմանուած են ամէնէն դաժան միջազգային պատժամիջոցները:
«Անոնք` արեւմտեան ուժերը, կը կարծէին, որ այդ պատժամիջոցները պիտի նպաստեն, որ Իրանի տնտեսութիւնը փլուզուի, սակայն այդպէս չեղաւ: Մեր երկիրը ուժեղ է ու կրնայ յաղթահարել այս դժուարութիւնները եւ թոյլ չտալ Արեւմուտքին տնտեսական պատժամիջոցներու օգնութեամբ իրանցի ժողովուրդին վրայ ճնշում գործադրել», ըսաւ Ահմատինեժատ:
Իրանի նախագահը իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ Թեհրան արդէն նախապատրաստած է շարք մը արմատական միջոցներ, որոնք զգալի կերպով պիտի մեղմացնեն Արեւմուտքի կողմէ գործադրուող ճնշման ազդեցութիւնը:


