Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կը Նախազգուշացնէ Հայաստանը Մաքսային Միութեան Անդամակցելէ

December 22, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մայա Քոչիյանչիչ

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր յանձնակատարի բանբեր Մայա Քոչիյանչիչ երէկ ներկայացուց Եւրոպական Միութեան պաշտօնական տեսակէտը Հայաստանի`  Ռուսիոյ ու քանի մը այլ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու հետ մաքսային միութեան մէջ մտնելու կարելիութեան վերաբերեալ:

Քեթրին Էշթընի բանբերը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Պրիւքսելի թղթակից Ռիքարտ Եոզվիաքի հետ զրոյցին ընթացքին խուսափեցաւ ուղղակիօրէն հաստատել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Թրայան Հրիսթէայի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան պէտք է ընտրութիւն կատարէ Եւրոպական Միութեան եւ «ԵւրԱզԷս»-ի միջեւ:

«Կարծիքովս, միշտ աւելի լաւ է պարզել նոյնինքն սկզբնաղբիւրին հետ: Շատ յաճախ նման յայտարարութիւնները սխալ կը ներկայացուին: Մենք այժմ կը բանակցինք Ընկերակցութեան համաձայնագիրի եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ: Հայաստան ազատ ու ինքնիշխան է որեւէ համաձայնագիրի մէջ մտնելու հարցին մէջ, ներառեալ նաեւ երրորդ երկիրներու հետ համաձայնագիրի մէջ մտնելու առումով»,  ըսաւ Մայա Քոչիյանչիչ:

Բանբերը աւելցուց, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին` երրորդ երկիրներու հետ չի հակասեր Եւրոպական միութեան հետ խորացուած ու համապարփակ ազատ առեւտուրի բանակցութիւններուն:

Սակայն խնդիրը, ըստ անոր, այստեղ կը վերաբերի առաւելաբար մաքսային միութիւններուն: «Եթէ Հայաստան որոշէ միանալ որեւէ մաքսային միութեան, ապա ատիկա անհամատեղելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք երկկողմանի Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին հետ: Հարցը այն է, որ Մաքսային միութիւնը ընդհանուր արտաքին առեւտրական քաղաքականութիւն ունի եւ անհատ երկիրները, որոնք կ՛անդամակցին այդ մաքսային միութեան, այլեւս ինքնիշխան չեն իրենց արտաքին առեւտուրի քաղաքականութեան մարզին մէջ», ըսաւ ան:

Բանբերը ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորհուրդի նիստ կատարեց քանի մը օր առաջ, որուն ժամանակ Հայաստան հաստատեց իր հաւատարմութիւնը Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն:

 

Նախորդը

«Սուրիահայերուն Գումարային Օգնութեան Յատկացումը Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Յաջորդը

Թուրքերը Մտադիր Են Բողոքելու Աշխարհի 30 Երկիրներուն Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Յուշարձաններուն Դէմ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.