
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իսլամ կրօնաւորներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ ինք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի նկատմամբ բացարձակ վստահութիւն ունի` աւելցնելով, որ ոչ մէկ ձեւով ինք պիտի հրաժարի միւֆթի Քապպանիէն:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութիւնները ըստ օրէնքի կատարելու յանձնառութեան:
«Միւֆթի Քապպանի Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթին է եւ պէտք է անոր նկատմամբ յարգանքը պահպանել», ըսաւ Միքաթի` կոչ ուղղելով բոլորին այդ հարցը չքաղաքականացնելու:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց որդեգրելու այնպիսի քաղաքական բառամթերք մը, որ խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն կը ներշնչէ` հասնելու համար կատարեալ հաշտութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Զահլէի Ժողովրդային պլոքի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆը, որ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, «որպէսզի Լիբանանը կարելի ըլլայ փրկել Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ճահճացած քաղաքական ուժերէն»:
Սքաֆ հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին դուրս գալ կուսակցական, համայնքային եւ արտաքին աշխարհին վրայ գրաւ դնելու քայլերէն:


