Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարպել Նախագահեց Ապահովական Կառոյցներու Նիստին

December 22, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական կառոյցներու ընդարձակ նիստէն պահ մը

ՆԵրքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան տօնական օրերուն առիթով Լիբանանի մէջ որդեգրուելիք ապահովական շարք մը միջոցառումները:

Այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ պահպանել երկրին ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կարգ ու կանոնը, յատկապէս երթեւեկի առումով:

Ապահովական կառոյցներուն գումարած նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը:

Նիստէն ետք նախարար Շարպել հրապարակեց որոշում մը, որուն ծիրին մէջ Ս. Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթով արգիլուեցաւ փոխադրակառքերուն երթեւեկը:

Այսինքն` կիրակիէն երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերի լուսցող գիշերուան առաջին վայրկեաններէն սկսեալ եւ մինչեւ չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ի, առաւօտեան ժամը 9:00, ինչպէս նաեւ  կիրակիէն երկուշաբթի, 31 դեկտեմբերի լուսցող գիշերուան առաջին վայրկեաններէն սկսեալ եւ մինչեւ չորեքշաբթի, 2 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:00 փոխադրակառքերուն երթեւեկը արգիլուած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Միւս կողմէ, Շարպել երէկ երեկոյեան կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն ան նկատել տուաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ուիսամ Հասանի սպանութեան մասին ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի բացած հետաքննութեան լոյսին տակ պատրաստուած տեղեկագիրը արդէն իսկ ընդհանուր դատախազութեան տրամադրութեան տակ դրուած է եւ նման է Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պատրաստած տեղեկագիրներուն:

Նախորդը

Սապունճեան Ընդունեց Լիբանանի Գինեգործները

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.