Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաթրիոթ»-ներէն Մասեր Եւ Օտարերկրացի Զինուորներ Թուրքիա Հասած Են. «Իրան Փոխանակ «Փաթրիոթ»-ները Քննադատելու Պէտք Է Ասատի Վարչակարչը Զսպէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

December 19, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ տեղակայուելիք «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերու առաջին կտորներն ու անոնց սպասարկող զինուորական անձնակազմերը Թուրքիա հասած են:

Ամերիկացի, գերմանացի ու հոլանտացի զինուորներ եւ հրթիռային համակարգի մասեր տեղափոխող թրքական օդուժին պատկանող ապրանքատար օդանաւը երկուշաբթի ուշ գիշերին էջք կատարած է Ատանայի օդակայան: Անձնակազմը գիշերած է Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ, իսկ օդանաւը իր փոխադրած զինուորական բեռով Մարաշ ուղեւորուած է:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն կարծր կերպով հակադարձած է Իրանէն հնչած այն յայտարարութիւններուն, թէ Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայումը կրնայ համաշխարհային պատերազմի յանգեցնել:

Պելճիքայի վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռասմուսեն ըսած է. «Հրթիռները յարձակողական նպատակներով կիրարկելու վերաբերեալ յիմար միտքեր ունեցողները միայն կրնան մտահոգուիլ «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայումով»:

Ռասմուսեն նշած է, որ կը դատապարտէ նման յայտարարութիւնները եւ վերահաստատած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը բացառապէս պաշտպանական նպատակներ ունի:

Յիշեցնենք, որ իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ Հասան Ֆիրուզապատի յայտարարած էր, որ այդ հրթիռներուն նպատակը ոչ թէ Թուրքիան պաշտպանելն է, այլ` Իսրայէլը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Իրան պէտք է զսպէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, որ իր ժողովուրդին նկատմամբ անիրաւութիւն կատարելու մէջ յառաջ կ՛ընթանայ, որովհետեւ ատիկա իրեն (Իրանի) համար աւելի լաւ է, քան «Փաթրիոթ» պաշտպանողական համակարգերը քննադատելը»:

Ան ըսաւ, որ այդ համակարգերը բացառապէս պաշտպանողական բնոյթի են եւ հրթիռները պիտի արձակուին այն պարագային միայն, եթէ Թուրքիա յարձակումի ենթարկուի: «Թուրքիա Իրանէն կը սպասէ սուրիական վարչակարգին արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու յստակ պատգամ ուղարկել` իր հողերը պաշտպանելու համար Թուրքիոյ տեղակայած պաշտպանողական համակարգերը քննադատելու փոխարէն, համակարգեր, որոնք ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած չեն»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ «իրանցի պաշտօնատարները Թուրքիոյ չյայտնեցին, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի Թուրքիա այցելութեան չեղեալ նկատումին պատճառը «Փաթրիոթ» հրթիռներու համակարգն է»` նշելով, որ «ըստ անոնց», ատոր պատճառը այլ է:

 

Նախորդը

Կիպրոս Կրնայ Սնանկանալ, Եթէ Անյապաղ Երեք Հարիւր Միլիոն Եւրօ Չապահովէ

Յաջորդը

Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութիւնը Գրաւեց Եարմուք Գաղթակայանը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.