Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլընտրանքին Ինքնաչէզոքացման Քայլը

December 13, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին քաղաքական դաշտի ամայացման միտող երեւոյթներ վերլուծումի եւ որոշակի կանխատեսումներուն ընդհանուր համապատկեր մը կ՛ուրուագծեն։ ԲՀԿ-ի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի կատարած յայտարարութիւնը՝ նախագահական ընտրութիւններուն չառաջադրուելու իբրեւ թեկնածու եւ մանաւանդ չսատարելու ոեւէ թեկնածուի կը նկատուի «շոքային» կամ բեկումնային, ըստ հայաստանեան լրատուամիջոցներու որոշ վերլուծաբաններու. Եւ կամ՝ «սպասուած քայլ» ըստ քաղաքական այլ շրջանակներու։

Բայց մինչեւ Ծառուկեանի առած քայլին հետեւանքներուն մասին որոշ պատկերացումներ ունենալու փորձ կատարելը, մտաբերենք այն վարկածը, որ կը հիմնուէր ԲՀԿ-ի ոչ ընդդիմադիր հանգամանքին մասին յամառ պնդումներուն կամ ինքնաբնութագրուած «այլընտրանքային ուժ» անուանակարգումին վրայ։ Ի վերջոյ եզրակացնելու համար, որ ԲՀԿ-ն ինքնուրոյն որոշում կայացնող կուսակցութիւն չէ եւ իբրեւ այդպիսին կը ծառայեցուի  ընդդիմադիր դաշտի տիրապետումով յօգուտ իշխանութեան դեր ստանձնելու, աւելի ճիշդը՝ կառավարելի ընդդիմութեան վերածուելու։

Ոչ շատ հեռուները գացող յետադարձ հայեացք մը կրնայ օգտակար ըլլալ ԲՀԿ-ի դերակատարութեան մասին որոշ լոյս սփռելու ուղղութեամբ։ԲՀԿ-ն խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն չմիացաւ ՀՀԿ-ին կամ աւելի քաղաքագիտական եզրով քոալիցիոն միացեալ ընտրացուցակով չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն։ Այս քայլը նպաստեց ընտրութիւններու արդիւնքի կանխորոշուածութեան գործօնը որոշ չափով չէզոքացնելու եւ առ այդ նպաստեց ընտրազանգուածի մասնակցութեան աստիճանաչափի բարձրացումին։ Միաժամանակ, ԲՀԿ-ն չբողոքարկեց կամ չվիճարկեց ընտրութիւններուն ի գործ դրուած մեքենականութիւնները, վարչական եւ նիւթական լծակներու օգտագործումի երեւոյթները եւ ատով իբրեւ երկրորդ կարեւորագոյն ուժ նպաստած եղաւ ընտրութիւններուն օրինականացման կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կատարած գնահատականներու խմբագրումին։ԲՀԿ-ի նման եղանակով մասնակցութիւնը սատարեց խորհրդարանական երեւութական բազմակուսակցականութեան դիմագիծի ձեւաւորման քաղաքականութեան։

ԲՀԿ խմբակցութեան պահուածքը ներկայ խորհրդարանին մէջ մօտաւորապէբ հետեւեցաւ նոյն վարքագիծին։ Հիմնական որոշումներու պահերուն ԲՀԿ-ն չյաջողեցաւ կամ չուզեց ներկայանալ իբրեւ ինքնաբնութագրուող այլընտրանքային ուժ։ Հաւանաբար այս վարքագիծի հետեւողականութիւնն է, որ որոշ շրջանակներու մօտ սպասելի քայլ նկատուեցաւ խաղէն ինքնակամ հրաժարումի որոշումը, որ կայացուց ԲՀԿ-ի առաջնորդը։ Թէեւ մինչ այդ կրնար զարգանալ նոյն վարկածը, որ ԲՀԿ-ն իբրեւ վերահսկելի եւ կառավարուող ուժ կրնար գրաւել ընդդիմադիր թիւ մէկ եւ նախագահական թիւ երկու թեկնածուի դիրքը, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն ապահովելով երեւութական մրցակցային պատկեր մը, ըստ ձեւի ժողովրդավարական խաղ մը եւ թեկնածուներոն միջեւ իրարմէ ոչ- շատ հեռու գտնուող տոկոսային համեմատութիւններ ապահոված թեկնածուներու ընդհանուր պատկեր մը։ Այլ խօսքով, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախագահական տարբերակ մը, որ նպաստած կ՛ըլլար դիմագիծի ապահովման եւ միջազգային գնահատականներու խմբագրումին։

Ի՞նչ կը ստացուի այժմ։ Երեւութապէս այն, որ ԲՀԿ-ն կը շրջէ այս վարկածները եւ կ՛ուզէ փոխանցել ինքնուրոյն եւ այլընտրանքային ուժ ըլլալու ինքնասահմանումը։ Հաւանաբար այդ առումով առնուած քայլը որոշակի ընկալելիութիւն կ՛ապահովէր, եթէ յայտարարութիւնը առ այժմ բաւարարուէր առաջին բաժինով՝ ԲՀԿ-ի առաջնորդը չ՛առաջադրուիր նախագահական ընտրութիւններուն։ Բայց երբ կը հետեւի երկրորդ բաժինը եւ Ծառուկեան բացարձակօրէն կը հաստատէ, որ իր կուսակցութիւնը պիտի չստարէ ոեւէ թեկնածուի, այստեղ դուռ կը բանայ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու։ Փաստօրէն, երբ տակաւին չեն յստակացած ու պաշտօնապէս չեն յայտարարուած բոոր թեկնածուները, կանխաւ նման յայտարարութիւն կատարելը մտածել կու տայ ԲՀԿ-ի գործօնի ինքնաչէզոքացման մասին։ Այս քայլը 2017-ի ընտրութիւններուն մասնակցելու պատրաստութեամբ բացատրելը այնքան համոզիչ չի թուիր եւ աւելի առնուած քայլին հիմնական շարժառիթները մշուշապատելու միտումով կը բացատրուի։

Յամենայնդէպս քայլը առնուած է հիմա. եւ ընդդիմադիր դաշտի միացեալ թեկնածուի արդէն իսկ տարակուսելի գոյառումը առաւել անտեսանելի կը դառնայ։

Իրադրութիւնները աւելի համոզել կու տան, որ թեկնածուի անձին ճշդումէն առաջ, հրամայականներու, առաջնահերթութիւններու եւ հիմնական գաղափարներու շուրջ համախմբուիլը կը յաջողէր ոչ միայն ճամբայ հարթել միաւորուելու, փոփոխութիւն բերելու  եւ նոր մեկնարկ ապահովելու, այլ նաեւ քաղաքական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու համար։

ԲՀԿ-ի առաջնորդին քայլը եւս մէկ նուազ կ՛արձանագրէ առաջադրուած քաղաքական մշակոյթի կայացման գործընթացին մէջ։ Ոչ վաղ անցեալին ԲՀԿ-ն յուշագիր կը ստորագրէր գործող նախագահին յառաջիկայ ընտրութիւններուն սատար կանգնելու յանձնառութիւն ստանձնելով։ Այս քայլը կը նշանակէ նաեւ, որ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կայացած գրաւոր յուշագիր-համաձայնագիրները չունին վաւերականութեան իմաստ։

Հետագայ իրադրութիւնները կրնան զարգանալ այլազան ուղղութիւններով։ Հայաստանեան լրատուադաշտը կը յորդի այս ուղղութեամբ կատարուող մեկնաբանութիւններով։ Մինչեւ իսկ կը նախատեսուի, որ գործող իշխանութիւնները ընտրութիւնները կեղծեն յօգուտ ընդդիմադիր թեկնածուին, քաղաքական ամայացումէ դուրս բերել փորձելով դաշտը. կամ ալ միանձնեայ -միաբեւեռ համակարգի դիմագիծը շրջելու մտադրութեամբ։

Վստահաբար շատ հարցեր կան պարզելի։ Պարզը այն է, որ ԲՀԿ-ն այս քայլով ինքնակամ դուրս կու գայ դաշտէն՝ ճամբայ հարթելով գործող նախագահին հեզասահ վերընտրութեան։

                                                                                                                                                «Ա.»

 

Նախորդը

Երուսաղէմի Մէջ Յոյն Ուղղափառներու Վանքին Պատին Եւ Հայոց Գերեզմանատան Մուտքի Դրան Վրայ Քրիստոսը Վարկաբեկող Գրութիւններ Նկատուած Են

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քարայրաբնակ Մարդիկը Կը Գերազանցեն Արդի Ժամանակներու Արուեստագէտները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.