Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Քարայրաբնակ Մարդիկը Կը Գերազանցեն Արդի Ժամանակներու Արուեստագէտները

December 14, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Լիպիայէն յայտնաբերուած նախապատմական շրջանի փիղի գծանկար մը այստեղ վերարտադրուած է գետնի երեք տարբեր մակարդակներու վրայ. իւրաքանչիւրին մէջ անասունին քալուածքը ճիշդ է:

ՀԻՆ ՔԱՐԷ ԴԱՐՈՒ ՄԱՐԴԻԿԸ, ՈՐՈՆՔ ԱՊՐԱԾ ԵՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 10 ՀԱԶԱՐ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՐ ԱՉՔ ՈՒՆԷԻՆ, ՔԱՆ` ԱՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՆ ՈՒ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՆԵՐԸ, ԳԷԹ` ՁԻԵՐՈՒ ԵՒ ՉՈՐՔՈՏԱՆԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ ՄԷՋ: «ԼԱՅՎ ՍԱՅԸՆՍ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՍ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆԳԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:

Նախապատմական եւ արդի արուեստի 1000 նմուշներու վրայ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ «քարայրաբնակ մարդիկը» կամ այն մարդիկը, որոնք ապրած են հին քարէ դարուն, այսինքն` 10-50 հազար տարիներ առաջ, շատ աւելի ճշգրիտ կերպով պատկերած են չորքոտանիներու քալուածքը, քան` մերօրեայ արուեստագէտները: Մինչ այս անասուններուն քալուածքը սխալ ձեւով պատկերուած է արդի արուեստագէտներու գործերուն 57.9 առ հարիւրին մէջ, անդին` նախապատմական շրջանի գեղանկարիչներուն պատկերումներուն մէջ սխալներ գործուած են միայն 46.2 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Արդի արուեստագէտները նաեւ շատ աւելի ձախող կերպով կը պատկերեն ձիերու եւ այլ չորքոտանիներու քալուածքը, քան` անասուններ զմռսող, մարմնակազմութեան դասագիրքեր պատրաստող եւ անասուններու խաղալիքէ արձանիկներ ձեւագծող մասնագէտները:

Չորքոտանիներուն Քալուածքը

Չորքոտանիները կը քալեն իրենց ոտքերը շարժելով նոյն յաջորդականութեամբ: Նախ առջեւ կը նետեն իրենց ետեւի ձախ ոտքը, ապա` առջեւի ձախ ոտքը: Այս շարժումներուն կը հետեւին ետեւի աջ ոտքը, ապա` առջեւի աջ ոտքը: Չորքոտանիներուն յաջորդական այս շարժումներուն մէջ կը տարբերի միայն արագութիւնը:

Սակայն չորքոտանիներուն այս պարզ քալուածքը յաճախ կը վրիպի արուեստագէտներուն ուշադրութենէն: 2009-ին Հունգարիոյ Էոտվոշ համալսարանէն կենսաբանական բնագիտութեան մասնագէտ Կապոր Հորվաթ ի յայտ բերած էր, թէ մարմնակազմութեան դասագիրքերու մէջ պատկերուած անասուններուն 63.6 առ հարիւրին քալուածքը գծուած էր անիրական շարժումներով: Ձիերու, առիւծներու, վագրերու եւ այլ չորքոտանիներու խաղալիքէ արձանիկներուն կէսը եւս սխալ ձեւով կը պատկերէր անասուններուն շարժումները: Նոյնիսկ բնութեան թանգարաններու մէջ ցուցադրուած պատկերներ յաճախ ձախող էին. անոնց աւելի քան 41 առ հարիւրը սխալներ կը պարունակէր:

Նոր ուսումնասիրութեան մէջ Հորվաթ իր պաշտօնակիցներուն հետ կը միտէր նոյն հարցը պեղել արուեստի պատմութեան ամբողջ ընթացքին: 1880-ական տարիներուն լուսանկարիչ Իտուըրտ Մայպրիճ օգտագործած էր շարժուն պատկերներ` ցոյց տալու համար, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կը քալէին ձիերը եւ այլ չորքոտանիները: Այնուհետեւ անոր փոխանցած գիտելիքները ընդհանրացած էին: Հետեւաբար Հորվաթ եւ իր պաշտօնակիցները իրենց ուսումնասիրութիւնները բաժնած են երեք ժամանակաշրջաններու վրայ. նախապատմական ժամանակաշրջանի արուեստ, պատմական ժամանակաշրջանի արուեստ` իրագործուած Մայպրիճի աշխատանքէն առաջ եւ 1887-էն ետք, այսինքն` Մայպրիճի աշխատանքին հրապարակումէն ետք իրագործուած արուեստ:

Անասուններու Ճիշդ Պատկերում

Ուսումնասիրողները արուեստի 1000 օրինակներ քաղած են համացանցի կայքերէ, գեղեցիկ արուեստներու գիրքերէ, հունգարական թանգարաններէ, ինչպէս նաեւ` դրոշմաթուղթերէ եւ մետաղադրամներէ: Ուսումնասիրողներուն հաշուարկումները պատահականութիւնը նկատի ունենալով ցոյց տուած են, թէ արուեստագէտները չորքոտանիներուն քալուածքը սխալ պատկերած են իրենց գործերուն 73.3 առ հարիւրին մէջ: Սակայն նախապատմական ժամանակաշրջանէն ետք եւ Մայպրիճի աշխատանքէն առաջ սխալ պատկերումներուն համեմատութիւնը 83.5 առ հարիւր էր եւ շատ աւելի, քան ինչ որ պատահականութիւնը պիտի թոյլատրէր:

Սխալ գծագրութիւններու շարքին էր նոյնիսկ  Լէոնարտօ տա Վինչիի ձիու մէկ ճեպանկարը: Մարմնակազմութեան իր գծանկարներով հռչակաւոր Լէոնարտոյի պատկերած ձիուն ետեւի աջ ոտքը եւ առջեւի ձախ ոտքը հանգչած էին գետնին վրայ, իսկ միւս երկու ոտքերը բարձրացած էին օդին մէջ, անկայուն դիրքով: Իրականութեան մէջ չորքոտանիները որեւէ տուեալ պահու գետնին վրայ կը պահեն իրենց երե՛ք ոտքերը:

Կարելի չէ մտածել, թէ Մայպրիճի աշխատանքէն առաջ սխալներու բարձր համեմատութիւնը արդիւնք էր իրարու գործերը ընդօրինակող եւ մարմնակազմութեան անծանօթ արուեստագէտներու աշխատելաձեւին, ինչպէս կը գրեն ուսումնասիրողները: Սակայն յայտնապէս հին քարէ դարու մարդիկը սուր աչքով կը դիտէին բնութեան մէջ թափառող չորքոտանիները: Քարայրներու պատկերումներուն 54 առ հարիւրին մէջ անոնց շարժումները ճշգրիտ են, ինչ որ կարելի չէ պատահականութեան վերագրել:

Ուսումնասիրութիւնը մտածել կու տայ, թէ Մայպրիճի աշխատանքը թէեւ բարելաւած է չորքոտանիներուն քալուածքին պատկերումը, սակայն 1880-ական տարիներէն ետք ստեղծագործած արուեստագէտներուն յաջող պատկերումի 42 առ հարիւր համեմատութիւնը տակաւին շատ հեռու էր քարայրաբնակ մարդոց ցուցաբերած կարողութենէն: Հորվաթի 2009-ին կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, զմռսողները քիչ մը աւելի լաւ էին` յաջող պատկերումի 57 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Նախորդը

Այլընտրանքին Ինքնաչէզոքացման Քայլը

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 122-Ամեակ. Պանթէոնին Դիմաց (Ե.)

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.