Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութիւններու գծով Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը իր տարեկան զեկուցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան դիմած են 14 պետութիւններ, որոնց շարքին` Թուրքիան ճանչնալու իբրեւ «յատուկ մտահոգութիւն յառաջացնող երկիրներ»: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ 14 երկիրներէն 8-ն արդէն իբրեւ այդպիսին ճանչցած է:
Զեկուցումին մէջ մասնաւորաբար կը նշուին տարբեր երկիրներու մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ քրիստոնեաներու դէմ կատարուող բազմաթիւ բռնութիւններու եւ իրաւունքներու սահմանափակման դէպքերը:
Ըստ զեկուցումին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը «աշխարհիկ պետականութիւնը պահպանելու նպատակով» կրօնը վերահսկել փորձելով, սահմանափակումներ ճշդած է բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ: Բացի ատկէ, այս երկրի օրէնքները կրօնական փոքրամասնութիւններուն թոյլ չեն տար, որպէսզի իրաւաբանական անձի կարգավիճակով արձանագրուին` իբրեւ այդպիսին հանդէս գալու համար, իսկ Թուրքիոյ մէջ հայոց պատրիարքը զրկուած է իրաւաբանական անձի անունով հանդէս գալու կարելիութենէն:
Աշխարհի վրայ կրօնական ազատութիւններու Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ տարբեր պատրուակներով բռնագրաւուած են կրօնական փոքրամասնութիւններուն` հայերուն, յոյներուն, հրեաներուն եւ կաթողիկէներուն պատկանող գոյքեր` անոնց թոյլ չտալով պատշաճ վիճակի մէջ պահպանել իրենց կրօնական շինութիւնները:
Զեկուցումը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցին` իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն ներկայացնող մեծագոյն կազմակերպութիւնը, չունի իր հոգեւոր վարժարանը: Իսկ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքին կողմէ Թուրքիոյ պետական համալսարաններէն մէկուն մէջ աստուածաբանութեան կաճառ հիմնելու մասին ներկայացուած դիմումը տակաւին դրական պատասխան չէ ստացած:
Թուրքիոյ մէջ տարածուած է նաեւ կրօնական հողի վրայ ատելութիւնը: Ատոր դրսեւորումներէն են Թուրքիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքին ե-նամակով օրական շուրջ 300 սպառնալիք ուղարկելու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւորականներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու վրայ կատարուած յարձակումները: Զեկուցումին մէջ ըսուած է նաեւ, որ Իրանի մէջ հետզհետէ թափ կը ստանան նոյնիսկ ճանչցուած կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ` հայերու նկատմամբ խտրականութիւնն ու բռնութիւնները` իբրեւ օրինակ բերելով կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու ձերբակալութիւնները:
Ըստ զեկուցումին, Իրաքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են Նինուէ նահանգին մէջ: Այստեղ քրտական եւ արաբական քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ վերահսկողութիւն հաստատելու շուրջ վէճերը չեն դադրիր: Անոնց զոհ կը դառնան քրիստոնէական փոքրամասնութեան, մասնաւորաբար` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ յարող եւ կաթողիկէ հայերը, որոնց թիւը Իրաքի մէջ հետզհետէ կը նուազի` գործադրուող բռնութիւններուն պատճառով:
Զեկուցումին մէջ ըսուած է նաեւ, որ Թուրքմենիստանի կառավարութիւնը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններուն թոյլ չի տար պաշտօնապէս արձանագրուիլ, որուն պատճառով անոնք զրկուած են պաշտամունք ու ծիսակատարութիւններ կատարելու իրաւունքէն: Բացի ատկէ, երկրին իշխանութիւնները կ՛աշխատին այցեգիրներ չտրամադրել կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, որուն պատճառով այս երկրի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը վերջին անգամ գաղութ այցելած է 1999-ին:


