Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող Նախիջեւան ինքնավար մարզի բնակիչները կը յայտնեն, որ Նախիջեւանի մէջ արտակարգ իրավիճակի ոչ պաշտօնապէս յայտարարուած դրութիւն կը տիրէ: Պատճառը Նախիջեւան քաղաքին մէջ տարածուած թռուցիկներն են, որոնց մէջ մարզային իշխանութիւններու հասցէին սպառնալիքներ կան:
«Կաւկազսքի ուզել» («Կովկասեան հանգոյց») օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իրաւապաշտպանները իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին կը յայտարարեն:
Թռուցիկներուն վրայ գրուած է. «Եկած է ձեր վերջը: Դուք շուտով պիտի վռնտուիք»: Թռուցիկները առաջին անգամ յայտնուած են մէկ ամիս առաջ եւ ստորագրուած են «Հայրենասիրական եղբայրներ»: Անոնք տարածուած են հիմնականին մէջ այն շրջաններուն մէջ, ուր փողոցներուն հսկող տեսախցիկներ չկան:
Տեղւոյն բնակիչները յայտնած են, որ թռուցիկներու յայտնուելէն ետք ինքնավարութեան իրաւապահները անցած են աշխատանքի ամրապնդուած համակարգի: Փողոցները եւ ճամբաները կը վերահսկուին ոստիկանութեան եւ քաղաքացիական հագուստներով յատուկ ծառայութեանց աշխատակիցներու կողմէ: Անոնք կը կանգնեցնեն եւ կը ստուգեն իւրաքանչիւր անձ, որ որեւէ կասկած կը յարուցէ: Միեւնոյն ժամանակ, ոստիկանութիւնը բնակիչներուն խորհուրդ չի տար ժամը 23:00-էն ետք մինչեւ առաւօտ տունէն դուրս ելլել:
Ազրպէյճանի Ազգային ճակատի կուսակցութեան փոխնախագահ Ասեֆ Հուսէյնովի կարծիքով` Նախիջեւանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ճնշման պատճառով քաղաքացիները իրենց բողոքի արտայայտութեան այլ ձեւեր կը փնտռեն, եւ այդ ձեւերէն մէկն է թռուցիկներու տարածումը: Ըստ անոր, ղեկավարութիւնը կը խախտէ մարդու իրաւունքները, խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւն չկայ: Սակայն Ազրպէյճանի մէջ հասարակական եւ քաղաքական իրավիճակը արդէն կը փոխուի: Ժողովուրդը այլեւս իշխանութենէն դրական քայլեր չի սպասեր եւ կը սկսի իր իրաւունքներուն համար պայքարիլ:
Ազրպէյճանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սարտար Ջալալօղլուի կարծիքով, Նախիջեւանի մէջ «շատ կարեւոր իրադարձութիւններ» կրնան տեղի ունենալ: Ըստ անոր, ժողովուրդի աշխուժացման պարագային տեղական իշխանութիւնը պիտի չկարենայ բողոքը դիմագրաւել: «Մինչեւ հիմա այնտեղ բնակչութեան աշխուժութիւն չէ եղած, եւ տեղական իշխանութիւնը կը կարծէր, որ ինք շատ ուժեղ է: Սակայն այժմ ժողովուրդը ծայրայեղ վիճակի մէջ է եւ այլեւս չի կրնար ճնշման տակ ապրիլ», ըսած է ան:
Օրաթերթը կը նշէ, որ ազրպէյճանցի իրաւապաշտպանները եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները բազմիցս յայտարարած են Նախիջեւանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման մասին: Այդ մասին կը նշուի նաեւ հոկտեմբեր 2012-ին հրապարակուած նորվեկիական «Մարդկային իրաւանց տուն» հիմնադրամի զեկուցումին մէջ, որ կազմուած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի 2-րդ պարբերական զեկուցումին ծիրին մէջ:
Այդ խնդիրին նուիրուած է նաեւ «Նորվեկիական Հելսինքեան կոմիտէ» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ Եւրոպական խորհուրդին համար 2010-ին պատրաստուած Նախիջեւանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման մասին զեկուցումը, որ կը կոչուի «Ազրպէյճանի «Սեւ կղզի»` մարդու իրաւունքներու խախտումը Նախիջեւանի մէջ»:
Ըստ ազրպէյճանական իշխանութեանց, Նախիջեւանի մէջ իրավիճակը ներկայացուած է խեղաթիւրուած եւ կանխակալ ձեւով:


