Լիբանանեան Անկախութեան
Տօնակատարութիւնը Թրիփոլիի Մէջ
Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 1962: Թրիփոլին` դրօշազարդուած, ժողովուրդը բացառիկ ցնծութեան մէջ: Յաջորդ օրը սիրելի Լիբանանին անկախութեան տարեդարձն է` շահուած իր արի զաւակներուն մեծ զոհողութեանց գնով, ու ատով իսկ` առաւել թանկագին, առաւե՛լ նուիրական:
Տեղւոյս ՀՄԸՄ-ի եւ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը խորապէս գիտակից իրենց երկրորդ հայրենիքի անկախութեան արժէքին, տեսած էին մեծ պատրաստութիւն: Շրջանիս արծուիկները, սկաուտներն ու գայլիկները, Պուրճ Համուտի սկաուտներուն ու փողերախումբին առաջնորդութեամբ եւ տասնեակ մը ինքնաշարժներու ընկերակցութեամբ, ժամեր շարունակ տողանցեցին քաղաքի եւ Մինայի փողոցներուն մէջէն խանդավառ շարքերով, նախագահ Շեհապի մեծադիր նկարը, դրօշակները, պաստառներն ու ջահերը հպարտութեամբ վեր բռնած, ժողովուրդի ընդհանուր հիացման ու ծափերուն մէջ, որոնք յաճախ ծաղիկներ, անուշահոտ ու շաքար կը տեղացնէին պատշգամներէն անոնց վրայ: Տողանցքը վերջ գտաւ ուշ գիշերին:
Յաջորդ մեծ օրուան` 22 նոյեմբերի անկախութեան արշալոյսին ինքնաշարժներուն երթեւեկը կանգ առած էր, պաշտօնական հաստատութիւնները գոց էին, բանակը, աշակերտութիւնն ու բոլոր մարզական միութիւնները երկար շարքերով տողանցեցին փողոցներու մէջ, ծովածաւալ ժողովուրդի ընդհանուր ու խանդավառ ծափերուն մէջ:
Ապա ուղղուեցան պետական մարզաւան, ուր տեղի ունեցան զանազան խաղեր:
Կէսօրէ ետք, ուրիշներու կարգին տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի սկաուտները գերեզմանատուն մեկնելով` շատ գեղեցիկ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի հանգուցեալ հօր` Ապտել Համիտ Քարամէի դամբարանին վրայ, ուր տեղի ունեցան պաշտօնական արարողութիւններ: Ապա ցաւակցութիւն յայտնելով վարչապետին` մեկնեցան:
Մինչեւ ուշ գիշեր, ընդհանուր ցնծութեան մէջ, մարզաւանը թատր հանդիսացաւ շքեղ հանդիսութիւններու եւ հրախաղութեանց:
Մեծ էր օրը, մեծ` ուրախութիւնը: Երկրի մը արժէքը միայն տարածութեամբ ըմբռնելի չէ, նաեւ` իր զաւակներուն սիրոյն մեծութեամբ: Մեծութիւնը` սիրոյ մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Տոմսեր
Մենք Ալ…
Անկախութեան տօն է… Ամէն կողմէ ուրախութեան աղաղակներ, պար, տողանցք, ջահագնացութիւն, ճառեր… ու աննախընթաց խայտանք… Այս բոլորին մէջէն յանկարծ կու գայ տողանցող շարքը հայութեան առոյգ ու խոստմնալի սերունդին, անկախութեան ջահը բարձր բռնած, կը քալէ հայ մատղաշ սերունդը` անցնելով մայրաքաղաքի մայր պողոտայէն…
Թմբուկներուն ու փողերուն խլացուցիչ, բայց ներդաշնակ նուագը կը ծակէ ակա՛նջդ ալ, սիրտդ ալ: Եւ յանկարծ կը տեսնես, թէ դուն ալ տողանցող շարքերուն հետ կը քալես կողք կողքի… Վերացած ես պահ մը ու մոռցած` ամէն բան… նոյնիսկ` ժողովի ժամադրութեան:
Կը քալես, բայց չես զգար, թէ քալած ես, կամ, յոգնած: Չես ուզեր, որ այդ տողանցող շարքերը կանգ առնեն, այլ քալեն ու քալեն, հնչեցնելով իրենց շքերթին խայտացնող նուագը…
Թող անցնի նախագահին նկարը կրող ճիփը, թող քալէ ու անցնի նուագախումբը, թող ծածանելով անցնին լիբանանեան դրօշն ու եռագոյնի երիզները… թոյլ տուր, որ անցնին հեզաճկուն արենուշներն ու մատղաշ արիները… իսկ դուն հարց տուր դուն քեզի, վասն ինչի՞ այս բոլորը… Չի՞ բաւեր բանակին տողացնքն ու լիբանանցի գեղջուկին պարը…
Եթէ երբեք կ՛ուզես այս հարցին լուծում մը գտնել, սիրելի՛ ընթերցող, նստէ հետս, ու պատէն վար առնենք օրացոյց-ալպոմը, ու դարձնենք անոր էջերը… դէպի ետ… Դարձնենք հոկտեմբերն ու դպրոցական վերամուտը, դարձնենք սեպտեմբերն իր խաղողի ոսկեգոյն ողկոյզներով, օգոստոսն իր կիզիչ արեւով, յուլիսը իր տասնը չորսով, յունիսն իր «ամավերջի»-ներով, ու կանգ առնենք մայիսին վրայ… Կամաց մը սահինք քսանութին վրայէն, եւ հասնինք ու կանգ առնենք վեցին վրայ… Ահաւասիկ Պէյրութի Պուրճ հրապարակին վրայ ենք… Նահատակներու արձանին առջեւ խոնարհած, եւ կամ` Դամասկոսի «Մերճէ» հրապարակին վրայ…
Հիմա ետ դարձնենք ժամանակի սլաքը: Հոգ չէ` թող աստղանաւորդներ խնդան մեր այս ետդարձին համար: Կանգ առնենք կախաղաններուն առջեւ պահ մը, որոնց վրայէն ճօճուող արաբ հայրենասէրները իրենց կախուած լեզուներով շլացուցած ու գինովցուցած են արիւնարբու Ճեմալ փաշան…
Ժամանակ չկայ: Քիչ մը առաջ վազենք ու հասնինք 1920, հասնինք Թիֆլիս եւ անցնինք Չեկայի շէնքին առջեւէն: Ահաւասիկ շանսատակ Ճեմալը փռուած է գետին… Հայու գնդակով:
Հիմա այլեւս վստահ եմ, թէ հասկցած ես, թէ ինչո՞ւ է այս տողանցքը… Հեռաւոր Թիֆլիսի մէջ, Լիբանանի անկախութեան գանձանակին մէջ իր այրիի լուման ձգելէ ետք, հայը այսօր ձեռք կու տայ լիբանանցիին եւ տօնական զգեստաւորումով կը շքերթէ այս ծաղկող հայրենիքի հրապարակներուն վրայ:
ԳԵՒՕ
