
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնի աւարտին առիթով նախանցեալ օր իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային գոյակցութեան:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ գործուած սպանութիւններուն առումով Հըզպալլայի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ ամբաստանութիւնները կը կատարուին առանց որեւէ փաստի վրայ հիմնաւորուելու: «Իսրայէլ մեր միակ թշնամին է, եւ Լիբանանի մէջ մենք թշնամիներ չունինք», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական երկփեղկումը տիրական է, սակայն Հըզպալլա լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ ուժ իր թշնամին կը նկատէ: «Մենք կը հաւատայինք եւ կը շարունակենք հաւատալ, որ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ քաղաքական աշխատանքը լաւագոյն միջոցներն են Լիբանանի տագնապը լուծելու», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա եւ աւելցուց, որ իրենք օր մը չեն մերժած երկխօսութիւնը:
«Բայց եւ այնպէս մենք կը մերժենք ազգային երկխօսութեան պարագային ոմանց կողմէ մեր վրայ պարտադրուող պայմանները, ինչպէս նաեւ կը մերժենք մեզի վերէն դիտելու մօտեցումը: Այո՛, մենք կը զօրակցինք երկխօսութեան եւ քաղաքական լուծման, սակայն մեզի վերէն դիտող կողմերուն նկատմամբ մենք ալ նոյն կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը ոչ մէկ անգամ այս կամ այն կողմին առջեւ ծունկի պիտի գայ` երկխօսութեան մասնակցութեան առումով եւ աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը իսրայէլեան կողմէն խղճմտանքի կարօտ չէ, «իսկ եթէ Իսրայէլ ցնցուեցաւ` ութ օր շարունակ Թել Աւիւը թիրախ դարձուցած «ֆաժր 5» տիպի քանի մը հրթիռի դիմաց, ապա ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր վիճակը, երբ նման տիպի հազարաւոր հրթիռներ թիրախ դարձնեն Թել Աւիւը եւ իսրայէլեան այլ շրջաններ` Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու պարագային», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ անիրաւուած են սուրիացիները, սուրիական բանակը եւ սուրիական գոյացութիւնը` հաստատելով, որ պէտք է անպայման կասեցնել արիւնահեղութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ իսլամները լուռ պիտի չմնան նաեւ Մոհամետ մարգարէի վարկաբեկման արշաւին դիմաց` հաստատելով, որ արաբական աշխարհին մէջ ոմանք կը փորձեն Իսրայէլը իբրեւ բարեկամ ներկայացնել:
«Արաբ ժողովուրդն ու իսլամները հետզհետէ կը համոզուին, թէ Իրան կը զօրակցի իրենց եւ կ՛օժանդակէ իրենց պայքարին: Իսկ ով որ Իսրայէլը կը ներկայացնէ` իբրեւ բարեկամ, իսկ Իրանը` իբրեւ թշնամի, ապա ան մեծ սխալ կը գործէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:


